Լեռնային կիրճեր, հնագոյն վանքեր ու գիւղեր, զարմանահրաշ մարդիկ. «TravelBlog»-ը Արցախի մասին նոր ֆիլմ ունի

Լեռնային կիրճեր, հնագոյն վանքեր, գիւղեր, ժամանակակից քաղաքներ եւ զարմանահրաշ մարդիկ. այս ամէնը կարելի է տեսնել Արցախի մասին պատմող նոր ֆիլմին մէջ:

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ անիկա նկարահանած է «TravelBlog.lv» նախագիծի խումբը` Լաթվիայէն եւ Լիթվիայէն, 2017 Սեպտեմբերին: Մէկ շաբաթուան ընթացքին անոնք եղած են այդ տարածքի ամենագողտրիկ անկիւնները, փնտռած են հետաքրքրական վայրեր, շփուած են ամենատարբեր մարդոց հետ, իբրեւ արդիւնք` նկարահանած են բաւական գունեղ եւ գեղեցիկ այս ֆիլմը` առայժմ քիչ յայտնի տարածաշրջանի մասին:

Տեսաֆիլմին նպատակն է աշխարհի համար բացայայտել այս տարածքը եւ անոր հսկայական զբօսաշրջային ներուժը: Հակառակ քաղաքական դժուարութիւններուն, այստեղ արդէն հազարամեակներով կ՝ապրին պարզ ու հիւրասէր մարդիկ: Եւ անոնք մեծ ուրախութեամբ կը սպասեն հիւրերուն, որոնք կը փափաքին իրենց համար բացայայտել մեծ զբօսաշրջութեան համար դեռ անյայտ տարածքը:

Հեղինակները կը պատմեն, որ վերջին տարին այստեղ շատ աշխատանք տարուած է, որպէսզի այս երկիրը գրաւիչ ըլլայ աշխարհի շատ երկիրներու համար: Կառուցուած են յարմարաւէտ ճանապարհներ, բացուած են հիւրանոցներ` ամենատարբեր նախընտրութիւններու, լեռներու մէջ ստեղծուած են երթուղիներ ճանաչողական եւ զբօսաշրջութեան համար:

Խնդիրը առայժմ միայն այն է, թէ ինչպէս այս ամէնը հասցնել աշխարհին, Ատրպէյճանի մէջ կարծրատիպերով եւ սարսափ պատմութիւններով ապրողներուն: Հաւանաբար այս ֆիլմը պիտի օգնէ՞…

Ըստ հեղինակներուն` ֆիլմը նկարահանելը բաւական դիւրին էր, գեղեցիկ վայրերու եւ հետաքրքրական պահերու հետ կապուած խնդիրներ չեն եղած: Ֆիլմին մէջ կան բազմաթիւ պատկերներ թռչունի թռիչքի բարձրութենէն, որոնք առնուած են սովորական անօդաչու սարքերով: Հեղինակներու կարծիքով, այդ ձեւով կրնան աւելի վառ բացայայտել Գանձասարի, Դադիվանքի մէջ լեռնային վանքերու ամբողջ գեղեցկութիւնը, զգալ Յունոտի կիրճի գլխապտոյտ խորութիւնը, տեսնել Սոթքի լեռնանցքը:

Ֆիլմին մէջ կարելի է ներկայ գտնուիլ տեղական ֆոլքլորային խումբի փորձերուն, խորասուզուած ժամանակակից պարերու մէջ, կենդանի կատարումով ունկնդրել ճազ-խումբին` զուտ հայկական պատկերներով, ծանօթանալ Ստեփանակերտի պլիւզ ոճի կատարողներուն:

Չէ մոռցուած նաեւ արցախեան իւրայատուկ խոհանոցը, չէ որ շատ հետաքրքրական է տեսնել, թէ ինչպէս հին թոնիրի մէջ կը թխեն լաւաշ եւ մատնաքաշ, ինչպէս շուկային մէջ կը թխեն ժենգեալով հաց, եւ անձամբ ներկայ գտնուած խաղողի բերքը հաւաքելու գործընթացին, համտեսել տեղական բարձրորակ գինին:

Ահա այսպէս եղած է ֆիլմը` պարզ, կենդանի եւ շատ գեղեցիկ: Ֆիլմը ստեղծողները կը հաւատան, որ այսպիսի Լեռնային Ղարաբաղը շատերու սրտին մօտ պիտի ըլլայ: