Յովհաննէս Այվազովսկիի ծննդեան 200-ամեակին նուիրուած դրոշմահաւաքի ցուցահանդէսին ներկայացուած էին ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Արցախի եւ այլ երկիրներու մէջ ապրող դրոշմահաւաքներու հաւաքածուներ:
Ցուցահանդէսի ծիրէն ներս Նոյեմբեր 7-ին Երեւանի պատմութեան թանգարանին մէջ մարուեցաւ եւ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ հինգ նամականիշով գեղաթերթիկ: Անոնք կը վերաբերին «Աշխարհահռչակ հայեր. Յովհաննէս Այվազովսկիի ծննդեան 200-ամեակը» թեմային:
«Յովհաննէս Այվազովսկի մեծութիւն է ինչպէս հայ, այնպէս ալ այլազգի արուեստասէրներու համար: Նմանատիպ ցուցահանդէսները, նամականիշներու մարումները էական նշանակութիւն ունին մեզի համար: Ատոնք իրազեկման հիանալի միջոց են. աշխարհի տարբեր երկիրներու դրոշմահաւաքները կը ճանչնան մեր մեծերը, կը ծանօթանան մեր կատարած աշխատանքին»,- նշած է Հայաստանի դրոշմահաւաքներու միութեան նախագահ Յովիկ Մուսայելեան:
Հայաստանի նկարիչներու միութեան նախագահ Կարէն Աղամեանի խօսքով` Յովհաննէս Այվազովսկիի հանճարը կը պատկանի համայն մարդկութեան եւ պատահական չէ, որ բազմաթիւ պետութիւններ իրենց դրոշմանիշներուն մէջ կ՛անդրադառնան մեծագոյն վարպետին:
Գեղաթերթիկի 170, 220, 230, 380 եւ 450 ՀՀ դրամ անուանական արժէքով նամականիշներու վրայ արտայայտուած են մեծանուն հայազգի ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի յայտնի կտաւներէն հինգը` պատկերուած եռաչափ ցուցասրահի խորապատկերին:
Հինգ նամականիշով գեղաթերթիկը տպագրուած է Ֆրանսայի «Cartor» տպագրատան մէջ` 30 000 տպաքանակով: Գեղաթերթիկի գաղափարը կը պատկանի «Հայփոստ թրասթ մենեճմընթ»-ի գլխաւոր տնօրէն Խուան Փապլօ Քեչիճեանին: Ձեւաւորողներն են Աննա Աբգարեանը եւ Յարութիւն Սամուէլեանը:
Թողարկման օրը` 07 Նոյեմբեր 2017
Գաղափարը` Խուան Փապլօ Քեչիճեան
Ձեւաւորումը` Աննա Աբգարեան, Յարութիւն Սամուէլեան
Տպարանը` Cartor, Ֆրանսա
Նամականիշի չափերը` 29,0×35,0 եւ 43,0×45,5
Գեղաթերթիկի չափերը` 244,0×94,0
Տպաքանակը` 30 000