Պոլսոյ «Տէփօ» ցուցասրահին մէջ բացուած է «1990-էն մինչեւ այսօր․ Պոլսոյ բազմալեզու մամուլը» խորագիրով նոր ցուցահանդէս: Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Պիլկի համալսարանի նախաձեռնութեամբ եւ Պոլսոյ մէջ Շուէտի դեսպանատան, «Anadolu Kültür» մշակութային հիմնադրամի աջակցութեամբ, կը հաղորդէ «Էրմէնիհապեր»-ը:
Ցուցահանդէսին ցուցադրուած են հայկական «Ժամանակ» օրաթերթը, համշէնահայ համայնքին կողմէ հրապարակուող «Գոռ» ամսագիրը, քրտերէն «Roza» ամսագիրը, աւելի քան քառորդ դար գոյութիւն ունեցող քրտական «Nօbihar» ամսագիրը, ազգային փոքրամասնութիւններուն պատկանող այլ պարբերականներ:
Ցուցահանդէսի համակարգող, Պիլկի համալսարանի դասախօս Պիւլենթ Պիլմեզ նշած է, որ այս ցուցահանդէսը շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի` Պոլսոյ այլալեզու մամուլը հանրութեան ներկայացնելու առումով:
Ան ընդգծած է, որ Պոլսոյ մամուլի պատմութիւնը բոլորովին ալ միատարր չէ, ան կը ներառէ նաեւ շարք մը ազգային փոքրամասնութիւններու կողմէ հրատարակուած պարբերականները: Մինչդեռ այսօր շատերը շատ աղօտ պատկերացում ունին Պոլսոյ այլալեզու հրատարակութիւններու մասին:
«Այսօր ցուցահանդէսի այցելուները կ՛ըսեն, որ իրենք չէին գիտեր, որ Պոլսոյ մէջ այսքան ամսագիրներ ու օրաթերթեր հրատարակուած են` այդքան բազմազան լեզուներով: Այսօր անոնք կու գան ցուցահանդէս ու կ’ըսեն` ուրեմն, Պոլսոյ մամուլը միագոյն չէ, ան բազմազան է ու բազմերանգ: Անոնք կը տեսնեն որոշ ցուցադրուած օրինակներ ու իրարու կը հարցնեն` սա ի՞նչ է, ի՞նչ լեզուով է: Յետոյ կը պարզեն, որ ատոնք համշեներէն են կամ քրտերէն, հայերէն», – պատմած է Պիլմեզ:
Նշենք, որ Փետրուար 23-ին բացուած ցուցահանդէսը պիտի գործէ մինչեւ Մարտ 18: