Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած լոռեցի նկարիչ Արմէն Լոռենցի նկարներու ցուցահանդէսը բացուեցաւ ՀՀ ազգային ժողովէն ներս:
Ըստ Armenpress.am-ի հաղորդման՝ բացման արարողութեան ներկաներուն իր խօսքը ուղղեց նաեւ ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեան:
«Կը կարծեմ՝ շատ յատկանշական է, որ Թումանեանի ծննդեան տարեդարձը կը նշենք լոռեցի նկարիչի Լոռիի բնապատկերներով: Սիրով ընդունեցի այս նախաձեռնութիւնը»,- ըսաւ Միրզոյեան:
Ցուցահանեսի նախաձեռնութեան հեղինակ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեան նկատեց՝ երկրի գրեթէ ողջ քաղաքական վերնախաւը կը գտնուի Թումանեանի ծննդավայր՝ Դսեղի մէջ: «Եւ շատ ուրախ եմ, որ Երեւանի մէջ օրէնսդիր իշխանութեան տան մէջ կը տօնենք Ամենայն Հայոց բանաստեղծի ծննդեան 150-ամեակը»,- ըսաւ Մարուքեան:
Նկարները դեռ երկար կախուած պիտի մնան Ազգային ժողովի պատերուն: Մարուքեանը նշեց՝ պատգամաւորները, լրագրողներն ու հիւրերը դեռ երկար պիտի վայելեն այդ նկարները:
Նկարիչ Արմէն Լոռենց, իր հերթին ըսաւ, որ Թումանեանի ծննդեան օրը համազգային տօն է: Ինքը եւս լոռեցի է, իր ծննդավայր գիւղը Թումանեանի 100-ամեակին առիթով վերանուանուած էր Թումանեան: «Ես թէեւ Երեւան կ՝ապրիմ, սակայն սիրտս Թումանեանի Լոռուայ լեռներուն մէջ է։ Թումանեանը մեծ բարեգործ եղած է: Եւ ես որոշած եմ այս տարուան իմ ցուցահանդէս-վաճառքներէս եկած ողջ հասոյթը ուղղել իր ծննդավայրի՝ Թումանեանի դպրոցին»,- նշեց Լոռենցը ու աւելցուց՝ այդ քայլը կը կատարեմ նաեւ այս ցուցահանդէսի ծիրէն ներս: