Մարդ կայ` յիշողութիւն ունի, մարդ ալ կայ` յուշերով կ’ապրի: Այս նախաբանով կը սկսի «Նիու մէկ» հրատարակչութեան` Շարլ Ազնաւուրի հեղինակած «Մեղմ շշուկով» հայերէն թարգմանութեամբ նոր գիրքը: Առաջին անգամ 2009 թուականին Ֆրանսայի մէջ հրատարակուած գիրքին մէջ Ազնաւուր խօսած է ընտանիքի, ասպարէզի, անցեալի եւ ապագայի մասին:
Աղբիւրի տեղեկութիւններով՝ ըստ գիրքի թարգմանիչ Սամուէլ Գասպարեանի, «Մեղմ շշուկով» գիրքը ինքնակենսագրական վէպ է: «Գիրքին մէջ առաջին մասով կը տեղեկանանք Ազնաւուրի մասին: Ան գրելու շատ լաւ հնարքներ ունի: Ես Ազնաւուրի երգերը այսքան դիւրութեամբ չեմ թարգմաներ, որքան` այս գիրքը», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Գասպարեան:
«Մեղմ շշուկով» գիրքը «շարժապատկերի լեզուով» գրուած վաւերագրական ստեղծագործութիւն է, ուր ընթերցողը կը տեսնէ փոքրիկ Շարլը իր քրոջ` Այտային հետ: Թարգմանութեան խմբագիր Համլեթ Գասպարեանի կարծիքով, թարգմանիչը յաջողած է լաւ ձեւով կատարել իր աշխատանքը: «Ամէն անգամ, որ կարդամ Ազնաւուրի գիրքը, կարծէք նոր կը յայտնաբերեմ զինք: Ան կարողութիւն ունի նոյն բանը տարբեր կերպով պատմելու եւ տարբեր տրամադրութիւն ստեղծելու», նշած է թարգմանիչը:
Գիրքը հրատարակուած է «Ամունդի-ԱԿԲԱ Ասեթ Մենեճմընթ» ընկերութեան աջակցութեամբ. կազմակերպութեան գործադիր տնօրէնի տեղակալ Հրայր Ասլանեան կարեւոր նկատած է այսպիսի գիրքերու հայերէն հրատարակութիւնը: «Մենք կը փափաքինք հայ ընթերցողին հասանելի դարձնել մեծ հայուն, մեծ ֆրանսացիին ստեղծագործութիւնները», շեշտած է ան:
Հաղորդենք, որ շնորհահանդէսին ներկայ գտնուած է նաեւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ժոնաթան Լաքոթը: Ան ընդգծած է, թէ Ազնաւուրը ո՛չ թէ միայն երգիչ մըն էր, որ կը գրէր գիրքեր, այլ իսկական գրող էր:
«Նիու մէկ» հրատարակչատան ծրագրի ղեկավար Արտակ Ալեքսանեան իր խօսքին մէջ շեշտած է, որ իրենք կը պատրաստուին մինչեւ 2024 թուականը հայերէնի թարգմանելու Ազնաւուրի բոլոր գիրքերը: «Ազնաւուր մեր կողքին էր մեզի համար ամենացաւօք պահին, Սպիտակի երկրաշարժի օրերուն: Ան մեր կողքին էր նաեւ, երբ յայտնեցինք, որ կը մսինք, ան մեր կեանքին մէջ յայտնուեցաւ, երբ ո՛չ ոք կը սպասէր զայն, օգնեց, երբ ո՛չ ոք կը խնդրէր, եւ մնաց, երբ շատերը հեռացան», եզրափակեց Ալեքսանեան: