Առաջին անգամ ըլլալով՝ Երեւանի մէջ կ’իրականանայ «Տալի եւ Փիքասօ» Ցուցահանդէսը

Մարտ 7-էն Ապրիլ 26 Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ կը ներկայացուի «Տալի եւ Փիքասօ» ցուցահանդէսը, ուր կը ներկայացուին աշխարհին յայտնի երկու հանճարեղ արուեստագէտներուն աշխատանքները:

Առաջին անգամ ըլլալով կը ցուցադրուի Սալվատոր Տալիի եւ Փապլօ Փիքասոյի 260 ստեղծագործութիւն` քանդակ, գծագրութիւն, խեցեղէն…։ Բոլոր նմուշները «Ազգերու արուեստ» հիմնադրամի նախագահ, մեկենաս եւ հաւաքորդ Ալեքսանդր Շատրինի մասնաւոր հաւաքածոյէն են:

Ցուցահանդէսը արդէն ներկայացուած է բազմաթիւ երկիրներու մէջ: Իսկ Հայաստանի մէջ մշակութային այս իրողութիւնը հնարաւոր դարձաւ Երեւանի «Մոսկուայի տուն» մշակութային կեդրոնի եւ Հայաստանի ազգային պատկերասրահի նախաձեռնութեամբ:

Հաւաքածոն, որ Շատրինը համալրած է 15 տարիներու ընթացքին, մեծութեամբ 4-րդն է մասնաւոր հաւաքածոներու մէջ: