Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» միջազգային ֆիլմի փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ յուլիս 7-ին Կարէն Տեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրէն ներս, ցուցադրուեցաւ քանատահայ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեանի «Եօթը քող» նոր ֆիլմը, որուն առաջնադիտումը կայացած է 2023-ին Թորոնթոյի ֆիլմի փառատօնին:
Ֆիլմը Ռիխարտ Շտրաուսի «Սալոմէ» օփերայի կլանիչ եւ վառ պատկերային վերիմաստաւորումն է, ուր դերասանուհի Ամանտա Սէյֆրիտը կը փայլի թատերական բեմադրիչի մը դերով, որ կը ջանայ կեանքի կոչել Սալոմէի աստուածաշնչեան պատմութեան սեփական մեկնութիւնը։
Փառատօնի մեկնարկէն ետք հիւրերուն համար կազմակերպուած երեկոյթին, Ատոմ Էկոյեանը լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ իրականութեան մէջ բարդ է խօսիլ իր ֆիլմի ըսելիքին մասին․ անիկա կը խորհրդանշէ ցանկութիւնը, փափաքը, ուժը։ «Մենք պէտք է հասկնանք, որ շատ բարդ ժամանակներու մէջ կ’ապրինք, երբեմն այն ամէնը, ինչ կ’ուզենք, այն չէ, ինչը անհրաժեշտ է։ Ֆիլմի գլխաւոր դերը վստահած եմ Ամանտա Սէյֆրիտին։ Անոր մարմնաւորած կերպարը շատ միայնակ է, սակայն շրջապատուած է եօթը տղամարդոցմով, որոնք անոր անցեալէն են, ներկայէն ու ապագայէն։ Ան խնդիրները կը յաղթահարէ անսովոր կերպով»,- նշեց բեմադրիչը։
Էկոյեանը չբացառեց, որ հնարաւոր է ժամանակ գտնէ եւ այցելէ Հայաստանի ազգային պատկերասրահ, ուր ցուցադրուած է Վարդգէս Սուրէնեանցի «Սալոմէ» կտաւը։
Անդրադառնալով փառատօնին՝ բեմադրիչը յիշեց, որ շուրջ 12 տարի առաջ մասնակցած է «Ոսկէ ծիրան»-ին եւ կը կարծէ՝ անիկա բացառիկ փառատօն մըն է երկրին համար եւ անգամ այս բարդ ժամանակներուն կը կարենայ իր շուրջը համախմբել մշակոյթի ականաւոր գործիչներու եւ պահպանել մշակոյթը։
«Ես շատ ուրախ եմ, որ կրկին կը մասնակցիմ փառատօնին, ու Վարդավառի առթիւ զիս ջրած են ու այդպէս, ըսես, կնքած են»,- շեշտեց Էկոյեանը, որուն ֆիլմը պիտի ցուցադրուի նաեւ փառատօնի «Երեւանեան առաջնադիտումներ» ծրագրի շրջանակէն ներս։
Երեւանի 21-րդ «Ոսկէ ծիրան» միջազգային ֆիլմի փառատօնը Յուլիս 7-էն 14 հանրութեան կը ներկայացնէ մրցոյթային ֆիլմեր աշխարհի տարբեր երկրներէ, ինչպէս նաեւ ֆիլմեր ամէնէն հեղինակաւոր Քաննի, Պերլինի եւ այլ փառատօններէն: Ֆիլմերուն ցուցադրութիւնները կը կազմակերպուին ֆիլմարուեստի տանը, Մալեանի անուան թատրոնը եւ «Մոսկուա» ֆիլմի թատրոնը: Փառատօնը առանձնայատուկ անդրադարձ կը կատարէ երկու մեծութիւններու՝ Շարլ Ազնաւուրի ու Սերկէյ Փարաճանովի 100-ամեայ յոբելեաններուն:
Փառատօնը այս տարի հիւրընկալած է այնպիսի ականաւոր հիւրեր, ինչպիսին են՝ կրկնակի օսքարակիր, բեմադրիչ Ալեքսանդր Փէյնը, ողջ աշխարհի մէջ Փարաճանովի դեսպանը համարուող բեմադրիչ Թարսեմ Սինկհը, ֆիլմաշխարհի մէջ Հայաստանի դեսպան Ատոմ Էկոյեանը, թատրոնի եւ ֆիլմի աշխարհահռչակ դերասան, օսքարակիր Քեւին Սփէյսին։ Հիւրերէն իւրաքանչիւրը բաց հանդիպում պիտի ունենայ ֆիլմի երկրպագուներուն հետ, որոնց ընթացքին հնարաւոր պիտի ըլլայ նաեւ հարցեր ուղղելու հիւրերուն։