Յունիս 30-ին Ճափոնի Քիոթօ քաղաքին մէջ կը բացուի 2018-ին կեանքէն հեռացած պոլսահայ լուսանկարիչ Արա Կիւլերի լուսանկարներու ցուցահանդէսը:
Անիկա կը գործէ ճափոնի մէջ Մեծ քսանեակի (G20) գագաթնաժողովի օրերուն Քիոթօ քաղաքին մէջ գտնուող 800-ամեայ պատմական Թոֆուքու-ջի տաճարին մէջ, կը փոխանցէ Panorama.am-ը:
Քիոթօ քաղաքէն ետք ցուցահանդէսը Սեպտեմբերի վերջը պիտի ներկայացուի նաեւ Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք քաղաքին մէջ եւ հասանելի պիտի ըլլայ աշխարհի տարբեր անկիւններէ այստեղ ժամանած զբօսաշրջիկներու համար:
2020 թուականի Յունուարին Արա Գիւլերի լուսանկարներու ցուցահանդէսը պիտի ներկայացուի նաեւ Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի` Թուրքիոյ դեսպանատան մէջ:
Հայ լուսանկարիչին ցուցահանդէսը արդէն ներկայացուած է Լոնտոնի եւ Փարիզի մէջ: