Արթուր Գէորգեանը. «2020-էն ի վեր ատրպէյճանցիները քանդեցին հայկական պատմամշակութային 570-է աւելի նմուշ»

Հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը Պաքուի, Նախիջեւանի, Գանձակի եւ Դաշտային Ղարաբաղի այլ բնակավայրերուն մէջ սկսած էր ատրպէյճանական ԽՍՀ-ի կողմէ, 1960-ական թուականներէն: Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին նշեց «Քանդակագործութեան ազգային պարկ» թանգարանի հիմնադիր տնօրէն եւ «Հայկական լեռնաշխարհի մշակութային ժառանգութեան պաշտպան» հասարակական կազմակերպութեան հիմնադիր, քանդակագործ Արթուր Գէորգեանը:

«Ի տարբերութիւն նախորդ ժամանակաշրջանին, 2020 թուականի պատերազմի ժամանակ, երբ ատրպէյճանցի զինուորներու ձեռքերը կային սմարթֆոններ, անոնք իրենց վանտալիզմը կը նկարահանէին եւ կը տեղադրէին համացանցի վրայ: Ատրպէյճանի իշխանութիւնը հասկնալով, որ գործ ունի ակնառու փաստերու հետ, որոնք քրէականօրէն պատժելի են միջազգային իրաւունքի ատեաններու կողմէ, անմիջապէս արգիլեց նկարահանումները: Բայց, անկախ անկէ, այսօր կայ նաեւ տիեզերական նկարահանման կարելիութիւն, որով կարելի է որեւէ հատուածի մէջ տեսնել, թէ ի՛նչ կը կատարուի»,- յայտնեց քանդակագործը:

Անոր տուեալներով, 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ ու անկէ առաջ Արցախի եւ յարակից շրջաններու մէջ ոչնչացուած են հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան 250 եւ աւելի կոթողներ, մեծ մասը` Հայրենական մեծ պատերազմի զոհերու յուշարձաններ, իսկ պատերազմէն ետք ատրպէյճանցիները ամէն շաբաթ 3-4 յուշարձան ու խաչքարեր ոչնչացուցին:

2020 թուականէն ետք ցարդ ատրպէյճանցիները քանդած են հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան 570-է աւելի նմուշ: «Փաստացի, չկայ որեւէ շաբաթ, որ այդպիսի դէպքեր չարձանագրուին: Միակ բանը, որ մեզի կը մնայ այսօր` հաւաքել այդ փաստերը եւ ներկայացնել միջազգային դատարաններ: Միջազգային բոլոր ատեաններուն մէջ բարձրացնել այդ հարցերը, եւ ոչ թէ միայն ռուսական կողմին, այլեւ ընդհանրապէս միջազգային հանրութեան ահազանգել եւ ճնշումներ պարտադրել»,- նշեց Գէորգեան:

Յիշեցնենք` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովայի 28 Օգոստոսի ասուլիսին Արցախի մէջ խորհրդային հերոսներու յուշարձաններու ոչնչացման մասին հարց ուղղեցին: Զախարովա յայտնեց, որ Ռուսիա Մեծ հայրենական պատերազմի յուշարձաններու պահպանման նիւթը պարբերաբար կը քննարկէ ե՛ւ Պաքուի, ե՛ւ Երեւանի հետ: