Արցախեան ձեռագրերու ցուցադրութիւն՝ Մատենադարանի մէջ

1959 Մարտ 3-ին, Երեւանի մէջ բացուեցաւ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանը: Բացման 62-րդ տարեդարձը, կը խորհրդանշուի  Արցախեան ձեռագրերու ցուցադրութեամբ:

«Մատենադարան–Գանձասար» գիտամշակութային կեդրոնէն Երեւանի Մատենադարան տեղափոխուած է 80 ցուցանմուշ։ Ցուցահանդէսը ժամանակաւոր է, համապատասխան պայմաններու առկայութեան պարագային պիտի տեղափոխուի Արցախ։

«Արցախը ոչ միայն հայկական է, այլեւ ամենահայկականն է։ Երբեւէ, բացի հայկական տարրէն, այնտեղ ուրիշ ոչինչ եղած է դարերու ընթացքին»,- նշած է Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեան։

Ան ընդգծած է, որ թրքական տարրը Շուշիի մէջ առաջին անգամ յայտնուած է 18-րդ դարու 2-րդ կիսուն՝ իբրեւ փոքրամասնութիւն։ «Արցախը, առհասարակ, առանց ընդհատման, եղած է հայկական բնակչութեան ամենաբարձր տոկոսը ունեցող հայկական նահանգ, որ իր հաւասարը չէ ունեցած միւս նահանգներուն հետ համեմատած»,- նշած է Վահան Տէր-Ղեւոնդեան։