«Աւրորայի Լուսաբացը» վաւերագրական-անիմացիոն ֆիլմը ներկայացուած է տարբեր փառատօներու ընթացքին

Բեմադրիչ եւ սենարիստ Իննա Սահակեանի «Աւրորայի լուսաբացը» վաւերագրական-անիմացիոն ֆիլմը ներկայացուած է Asia Pasific Screen Award (APSA) (Ասիա-խաղաղովկիանոսեան էգրանաւորման» մրցանակաբաշխութիւն) «Լաւագոյն անիմացիոն ֆիլմ» անուանակարգին մէջ, ուր պիտի մրցին 5 անիմացիոն ֆիլմեր:

Հայաստանի շարժանկարի ազգային կեդրոնէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ APSA-ն «Ասիա-խաղաղովկիանոսեան» շարժանկարի ակադեմիայի մրցանակաբաշխութիւնն է, որուն տարեկան կը մասնակցի աւելի քան 70 երկիր։ Անիկա կը համագործակցի FIAPF-ի հետ (շարժանկար արտադրողներու ընկերակցութեան միջազգային ֆետերասիոն) եւ անոր յատուկ մրցանակներէն մէկը UNESCO-ի հովանիին տակ գտնուող մշակութային բազմազանութեան մրցանակն է:

Շարժանկարի ազգային կեդրոնէն նաեւ կը նշեն, որ «Աւրորայի լուսաբացը» ընդգրկուած է նաեւ վաւերագրական ֆիլմերու IDFA հեղինակաւոր փառատօնի (Ամսթերտամի վաւերագրական ֆիլմերու միջազգային փառատօն) Best of Fests («Փառատօներու լաւագոյն ֆիլմեր») բաժնին մէջ:

«Աւրորայի լուսաբացը»՝ հայ-գերմանա-լիթվիական համատեղ արտադրութեան ֆիլմ է (արտադրող ընկերութիւններ՝ «Բարս մեդիա», «Gebrueder Beetz Filmproduktion», «Artbox Laisvalaikio Klubas»): Բեմադրիչ եւ սենարիստ Իննա Սահակեան, արտադրողներ` Վարդան Յովհաննիսեան, Քրիստիան Բից, Իւստէ Միխայլինայտէ: Ֆիլմը ստեղծուած է «Զօրեան» ուսումնարանի գիտական աջակցութեամբ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաւոր պատմութեան արխիւին հիման վրայ: