Գիսին. «Թուրքիոյ մէջ համերգ չեմ տար, քանի դեռ չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը»

Ռուս յայտնի դաշնակահար Եւկենի Գիսինը ամերիկեան հեղինակաւոր The New York Times պարբերականին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է, որ կը հրաժարի համերգներ ունենալ Թուրքիոյ մէջ այնքան ժամանակ, քանի դեռ թրքական կառավարութիւնը չէ ճանչցած 1915 թուականին հայերու զանգուածային սպանութիւնները իբրեւ Ցեղասպանութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

«Ես կը հաւատամ, որ երբ մարդիկ նման պետութիւններու մէջ կը գիտնան, որ որոշ երաժիշտներ կը հրաժարին համերգ ունենալ այդտեղ, քանի որ անոնց հաճելի չէ, թէ ինչ կ՝ընեն այդ երկիրներու ղեկավարները, ատիկա մտաւորականները աւելի գիտակից պիտի դարձնէ»,- ըսած է Գիսինը` աւելցնելով, որ ինքը չի դատապարտեր իր այն գործընկերները, որոնք համերգներ կ՝ունենան մենատիրական երկիրներու մէջ: «Ատիկա անոնց ընտրութիւնն է»,­ ըսած է ռուս աշխարհահռչակ երաժիշտը, որ Դեկտեմբեր 16-­ին հրեայ երգահաններուն նուիրուած համերգ կ՝ունենայ «Քարնեկի» սրահին մէջ: 2015 թուականի Ապրիլին Գիսինը այցելած էր Հայաստան, ուր լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին ըսած էր, որ կոչով պիտի դիմէ համաշխարհային արուեստագէտներուն եւ մշակոյթի գործիչներուն, որպէսզի անոնք միջազգային հանրութեան յորդորեն ճանչնալ եւ դատապարտել Հայոց Ցեղասպանութիւնը։