Գիրքը որպէս նուէր ընտրելու մշակոյթը կը զարգանայ Հայաստանի մէջ: Ասոր մասին կը վկայէ տօնական օրերուն վաճառուած գիրքերու քանակը: Ըստ Panorama.am-ի՝ Երեւանի գրախանութներու աշխատակիցները ընդգծեցին` անքննելի է, որ գիրքի նկատմամբ հետաքրքութիւնը կը մեծնայ:
«Նախատօնական օրերուն գիրքի վաճառքի աշխուժութիւնը ակնյայտ էր: Որպէս նուէր աւելի շատ գնած են մանկական գիրքեր»,- նշած է «Բուկինիստ» գրախանութի Հասարակութեան հետ կապերու տնօրէն Անի Ղազարեան:
Ան նշած է, որ ընդհանրապէս աւելցած է հայերէն լեզուով գիրքերու վաճառքը, որ կը վերաբերի թէ թարգմանութիւններուն, թէ հայ հեղինակներուն:
«Հինգ տարի առաջ աւելի շատ կը գնէին ռուսերէն լեզուով գիրքեր»,- ըսած է ան:
Գրախանութի աշխատակիցը տեղեկացուցած է, որ տօնական օրերուն նան ֆիքշն` ոչ գեղարուեստական գիրքերէն ամենավաճառուածներն են` «Dorling Kindersley» հրատարակչութեան «Գիտելիքներու հանրագիտարան» գիրքի հայերէն թարգմանութիւնը, Սամուէլ Գէորգեանի «Քո սեփական բիզնեսը Հայաստանում» եւ Վահագն Դիլբարեան ի «100 բիզնես գաղտնիքներ» գիրքերը:
«Բուկինիստ»-ի մէջ գեղարուեստական գիրքերէն ամենավաճառուածն են Նարինէ Աբգարեանի «Մանյունեան», Մարկ Արենի «Վայրի վարդերը», որոնց տպաքանակը այդ օրերուն ամբողջութեամբ սպառած է, իսկ երրորդ ամենավաճառուածը Վարդգէս Պետրոսեանի «Ապրած եւ չապրած տարիներ» գիրքը եղած է:
Panorama.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին «Զանգակ» գրատան տնօրէն Արմէն Գասպարեան եւս նշած է, որ տօներուն հիմնականօրէն մանկական գիրքեր վաճառուած են:
«Ամենաշատը գնած են Հատսոն Պառնեթի «Խորհրդաւոր պարտէզը», Օլտոս Հաքսլիի «Չքնաղ նոր աշխարհը», Լուիս Պորխեսի «Բաբելոնեան գրադարանը», աւելի թարմ թարգմանուածներէն` Հարի Փոթըրի փաթեթը»,- ըսած է Գասպարեան:
«Էդիթ Պրինտ» հրատարակչութենէն տեղեկացուցած են, որ իրենց թարգմանութեամբ գիրքերէն ընթերցողները աւելի շատ գնած են «Աշխարհի իմաստուն հեքիաթներ» ժողովածուն, անոր յաջորդած է «100 բիզնես գաղտնիքներ» ու Սփենսըր Ճոնսընի «Ո՞ւր է իմ պանիրը» գիրքը: Ամենաշատ ծախուող գիրքերու շարքին է նաեւ «Աննա Ֆրանկի օրագիրը», «Դորիան Գրէյի դիմանկար»-ը ու «Երէք ընկերը» գիրքերը: