Քամանչայի կատարողական արուեստը եւ այդ երաժշտական գործիքի պատրաստումը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ ներառուած է ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին վրայ` իբրեւ Ատրպէյճանի եւ Իրանի մշակոյթի նմուշ: Այս մասին կը հաղորդէ ատրպէյճանական «Մինվալ» կայքը` վկայակոչելով Ատրպէյճանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
«Հարաւային Քորէայի մէջ ընթացող Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան միջկառավարական յանձնախումբի 12-րդ նստաշրջանին Ատրպէյճանի եւ Իրանի կողմէ միասնաբար ներկայացուած «Լարային երաժշտական քամանչա գործիքի պատրաստումն ու ատոր կատարողական արուեստը» ներառուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին վրայ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Նախապէս հաղորդուած է, որ Ատրպէյճանի կողմէ ներկայացուած տոլմա ճաշատեսակի պատրաստման աւանդութիւնը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ ընդգրկուած էր ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին վրայ:
Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան միջկառավարական յանձնախումբը կը հանդիպի ամէն տարի` գնահատելու համար առաջարկուող թեկնածութիւնները եւ ցանկին վրայ զանոնք ներառելու մասին որոշում կայացնելու համար: