Հայ եւ վրացի 20 լուսանկարիչ երեք օր շարունակ շրջած են Ջաւախքի տարբեր շրջաններ, գիւղեր եւ քաղաքներ, ծանօթացած անոնց կեանքին ու բարքերուն՝ լուսանկարելով այն ամէնը, որ զարմացուցած, հիացուցած ու տպաւորած է զիրենք: Աշխատանքները, ըստ աղբիւրին, ներկայացուած են՝ Նոյեմբեր 1-ին, ՀԲԸՄ-ի դահլիճին մէջ, «Բացայայտենք Ջաւախքը» խորագիրով լուսանկարչական ցուցահանդէսին:
15 լուսանկարիչներու 100 աշխատանքով ներկայացուած է Ջաւախքը՝ իր բնապատկերներով ու շունչով: Նախաձեռնութիւնը իրականացած է «Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնադրամին, ՀՀ ԿԳՄՄ նախարարութեան, Հայ լուսանկարիչներու ազգային ընկերակցութեան եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան համագործակցութեամբ: