Հայաստանի նկարիչներու միութեան դահլիճին մէջ բացուած է հայ նկարիչներու «Իրանը հայ արուեստագէտներու աչքերով» ցուցահանդէսը: Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան (ԿԳՄՄ) նախարարութեան պաշտօնական կայքէն:
Հայաստանի նկարիչներու միութեան նախագահ Սուրէն Սաֆարեանի խօսքով՝ օրը նշանակալի է, քանի որ կ՝ամփոփուի երկար ամիսներու աշխատանքը, եւ հիմք կը դրուի նոր գաղափարներու եւ ծրագիրներու:
«Նկարիչներու միութիւնը կարեւոր կը համարէ նմանօրինակ համագործակցութիւնները տարբեր հաստատութիւններու հետ, քանի որ այսպիսի գործակցութեան իբրեւ արդիւնք է, որ կրնանք գտնել նոր կապեր, նոր հարթակներ երկու երկիրներու արուեստագէտներու փորձի փոխանակման, միմեանց հետ ցուցադրուելու, բարեկամանալու: Այսօրուան մեր ցուցահանդէսը անոր վառ ապացոյցն է. տարբեր տարիքի հայ նկարիչներ պատկերած են Իրանը իրենց պատկերացումներով, գրականութեան միջոցով: Այնուհետեւ 7 մասնակից նկարիչ հնարաւորութիւն պիտի ստանայ մեկնելու Թեհրան, իրենց աչքերով տեսնելու եւ ստացած տպաւորութիւններով ու նիւթերով Հայաստանի մէջ ստեղծագործելու արդէն նոր ցուցահանդէսի համար»,- նշած է Սուրէն Սաֆարեանը։
Ողջունելով արուեստասէրները՝ ՀՀ-ի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մշակոյթի կեդրոնի խորհրդական Սէյէդ Հոսէյն Թաբաթաբան շնորհակալութիւն յայտնած է համատեղ ցուցադրութեան կազմակերպման համար եւ աւելցուցած, որ նկարիչները մասնագիտական կերպով ներկայացուցած են Իրանի հարուստ մշակոյթը:
Ցուցահանդէսի ծիրէն ներս տեղի ունեցած է յուշագիրի ստորագրում Հայաստանի նկարիչներու միութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նկարիչ արուեստագէտներու միութեան միջեւ: