Երկու նամականիշ` «Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ Եկեղեցւոյ Ռմբակոծում» թեմայով

Սեպտեմբեր 14-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Ռուբէն Սեւակի անուան թանգարանին մէջ հրապարակուեցաւ եւ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ երկու նամականիշով գեղաթերթիկ՝ «Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ ռմբակոծում» թեմայով:

Հրապարակումը կատարեցին Հայաստանի Հանրապետութեան բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարարութեան փոստի բաժինի պետ Ծովինար Գալստեան, «Հայ Փոստ»ի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Հայկ Կարապետեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան, Հայաստանի մօտ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Սերգէյ Ղազարեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Դրոշմաթուղթերու հաւաքածոներու հայկական միութեան նախագահ Յովիկ Մուսայէլեան:

940 դրամ անուանական արժէքով գեղաթերթիկի նամականիշին վրայ պատկերուած է Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին, իսկ 950 դրամ արժէքով գեղաթերթիկի նամականիշին վրայ՝ Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին՝ ռմբակոծուած ազրպէյճանական անօդաչու թռչող սարքերուն կողմէ։

Գեղաթերթիկին ձախ կողմը պատկերուած է Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին մինչեւ ռմբակոծումը, ինչպէս նաեւ՝ եկեղեցւոյ հրեշտակի քանդակներէն մէկը: Աջ կողմը՝ կայ ազրպէյճանական յարձակումներուն պատճառով ռմբակոծուող Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին, ինչպէս նաեւ՝ անօդաչու թռչող սարք մը: