«Արեւելք»ի զրուցակիցն է Հայաստան հաստատուած հալէպահայ երաժիշտ Շահէ Քէշիշեան.
-Յարգելի Շահէ, հետաքրքրութիւնս գրաւեց լուրի մը տակ Ձեր կատարած դիտարկումը, կ’ուզէի միտքը պարզել Ձեզի հետ: Ի՞նչ կը նշանակէ «Սուրիահայերուն համար առաջին հայրենիքը Սուրիան է»: Արդեօք ինչո՞ւ դէմ էք այս մօտեցումին, որովհետեւ շատ արդիական թեմա է այս մէկը, ոչ միայն Սուրիոյ, այլ՝ ամբողջ սփիւռքին համար:
-Նախ պէտք է հասկնալ, թէ ինչ կը նշանակէ «հայրենիք»: Այստեղէն պէտք է սկսինք, քանի որ այս բառը շատ աղաւաղուած է մեր պատկերացումներուն մէջ, յատկապէս հալէպահայութեան պարագային, որովհետեւ մեզ մօտ միշտ արաբներու եւ յատկապէս Սուրիայի ժողովուրդի եւ կառավարութեան հանդէպ պարտաւորութեան եւ երախտագիտութեան զգացումները խառնուած եւ ենթագիտակցօրէն փոխարինած են հայրենիքի եւ պատկանելիութեան զգացումներուն: Պատմութիւնը պէտք է ընկալել իր թիւերով, հազարամեակներով եւ ոչ թէ՝ վերջին հարիւր տարիով: Ես նոյն այդ ձեր նշած գրառումի տակ ուրիշ դիտարկում մըն ալ ըրեր էի Քանատայի մասին, որպէս մէկ ուրիշ՝ նոր ժամանակակից օրինակ, այն է՝ շուտով այսինքն ոչ հեռու ապագային, քանատահայերն ալ կրնան նոյն ձեւով արտայայտուիլ, որովհետեւ Քանատան ալ շատ լաւ ընդունեց զիրենք, գրկաբաց, լաւ վերաբերմունք ցուցաբերելով, նոյնիսկ որոշ առիթներով վարչապետը անձամբ օդակայան գնաց եւ դիմաւորեց եկողները… Յաջորդ սերունդը, որ հոն պիտի ծնի, շատ պիտի սիրէ, «սիրահարուի» եւ պիտի յայտարարէ որ Քանատան իր առաջին հայրենիքն է… Հապա մեր մէկ ու կէս միլիոնին արիւնը ինչո՞ւ համար թափուեցաւ, յանուն ինչի՞ եթէ մեր հայրենիքը Սուրիան էր: Ասի չի նշանակէր, որ ես Սուրիան չեմ սիրեր կամ չեմ ընդունիր որպէս իմ ծննդավայր, կամ թէկուզ իմ երկրորդ հայրենիք: Ես ալ չեմ դրժեր իրենց հիւրընկալութիւնը, երբ գաղթականութեան ժամանակ մեզի տիրութիւն ըրին, օգնեցին, չնայած այդ եւս կարելի է դիտարկել պատմական տեսանկիւնէն, քանի որ այդ տարիներուն իրենք եւս կը մարտնչէին Օսմանեան տիրապետութեան դէմ եւ անկախանալ կ’ուզէին, եւ բնականաբար «թշնամիիս թշնամին բարեկամս է» կարգախօսը նշելը տեղին կըլլար, ինչպէս որ օրերս այսօրուայ Սուրիայի կառավարութիւնը, որ մօտ տաս տարի առաջ մեզի, մեղմ ըսած չէր խրախուսէր Ապրիլի 24-ը նշել, այսօր նոյն այդ կարգախօսով կը խօսին հայոց ցեղասպանութիւնը ընդունելու մասին:
Հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող հայրենիքը չի կրնար երկրորդ կամ երրորդը ըլլայ: Ինծի համար ասիկա բացարձակ անընդունելի է, նոյնիսկ՝ ազգային դաւաճանութիւն:
-Մեզ մօտ մօտեցում մը կայ, որ այսօր Միջին Արեւելքի Սուրիոյ գաղութը շատ բարձր հայրենասիրական ոգի ունեցող ժողովուրդ է, սակայն այսօր փորձաքարի տակ է այդ հայրենասիրութիւնը: Ի՞նչ կ’ուզէք ըսել այս առումով որպէս սուրիահայ եւ Հայաստան հաստատուած անձ: Ըստ երեւոյթին շատերուն համար այս մօտեցումը նոյնը չէ, իրենք տարբեր ընկալում մը ունին` երկրորդ, երրորդ հայրենիքի մասին կը խօսուի, որովհետեւ առաջինը Սուրիան է: Ի՞նչ կ’ըսէ Ձեզի այս մօտեցումը:
-Կը կարծեմ որ քանի մը գործօն կայ: Գլխաւոր պատճառը տիրող պատերազմն է: Համատեղ եւ միասին ցաւ կրելու եւ յաղթանակի բերկրանքները վայելելու խնդիր կայ: Հաւաքականութեան մը պատկանելու զգացումը, յաճախ պատճառ կը դառնայ նոյնանալ այդ ամէն ինչին հետ: Օրինակ երեխայ մը ուրիշ երեխաներու հետ քանի մը օր կ’անցընէ բանակումի մը կամ ճամբարի ընթացքին, այնուհետեւ այդ միջավայրին կապուելով չ’ուզէր տուն երթալ: Շատ պարագաներու այդ անցողիկ զգացողութիւնները կը գերիշխեն: Կը կարծեմ որ այսօրուայ դրութեամբ պատերազմը նպաստեց, որ Հալէպ մնացած հայերը նոյնանան իրենց դրացի արաբին, կամ կառավարութեան գործիչներուն հետ, որոնք նաեւ իրենց հերթին սկսան աւելի լաւ վերաբերիլ, եւ աւելի ուշադրութիւն դարձնել «հաւատարիմ» հայերուն: Ինչպէս քիչ առաջ նշեցի, տասը տարի առաջ Ապրիլ 24 նշելը խրախուսելի չէր, երբ Սուրիան եւ Թուրքիան լաւ յարաբերութիւններու մէջ էին: Այսօր մեր հալէպաբնակ հայերը անմիջապէս մոռցան այդ օրերը: Հիմա, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը որպէս «խաղաքարտ» կ’օգտագործէ Հայոց Ցեղասպանութիւն արտայայտութիւնը, ոգեւորուեցան եւ սկսան մանկական միամտութեամբ ողջունել այդ քայլը: Այսինքն` ես ամէն ինչը կը դիտարկեմ զուտ քաղաքական շահերու կշիռով եւ կը հասկնամ որ Սուրիոյ կառավարութեան, եւ կամ ընդհանրապէս քաղաքական հողի վրայ անձնական մօտեցումները, կամ մարդկային զգացումները տեղ չունին, չնայած այս ամէնին ես դէմ չեմ. Այսինքն ընդդիմադիր չեմ, ես ալ շատ կը սիրեմ եւ կապուածութիւն ունիմ Սուրիոյ նկատմամբ, բայց ինծի համար հայրենիքը շատ աւելի խորքային նշանակութիւն ունի:
Երկրորդ գործօնը որ բացասաբար նպաստեց սուրիահայերու հայրենիքի մասին կարծիքի ձեւաւորման, Հայաստանի այսօրուան վիճակն է: Եթէ մինչեւ այդ Հայաստան կու գային որպէս զբօսաշրջիկ եւ լաւ ժամանակ կ’անցընէին, ապա այս անգամ յայտնուեցան բնակողի կարգավիճակի մէջ, նոյնիսկ չկանխատեսելով, առանց նախապէս որոշելու, առանց տուն ունենալու… Չնայած Հայաստանի կառավարութիւնը եւ յատկապէս հայաստանցիք շատ լաւ ընդունեցին զիրենք եւ իրենց կարելիին սահմաններուն մէջ առաւելագոյնս օգնեցին: Եկէք չմոռնանք նաեւ, որ Սուրիան աներեւակայելի յարմար երկիր էր, ոչ մէկ տեղ այդ նոյն պայմանները չես կրնար գտնել, նոյնիսկ Սուրիոյ մէջ պատերազմէն ետք պիտի չգտնուին անցեալի պայմանները: Սուրիահայերուն համար Հայաստանի պայմանները հեշտ չեն եւ այդ իսկ պատճառով չկրցան յարմարիլ, եւ այդ ամէնը բացասաբար ազդեց, նոյնիսկ անոնց վրայ, որոնք «կը պաշտէին» Հայաստանը, կամ այդ բոլորը պատճառ դարձաւ, որ անոնք Սուրիան յիշեն ու այդ կերպ «նոր սէր» մը ապրին հանդէպ Սուրիային:
-Ինչպէ՞ս կը տեսնէք Հալէպի ապագան: Հալէպը ապագայ ունի՞, կամ հայկական Հալէպը ապագայ պիտի ունենա՞յ: Շատ կը խօսուի վերականգնումի, վերազարթնումի եւ վերակառուցումի մասին … Այս բառերը հայութեան օրակարգին մէջ են այսօր, նոյնիսկ Սփիւռք-Հայաստան ժողովի ընթացքին ալ Հալէպի հարցը պիտի քննարկուի: Դուք, որպէս Հայաստան հաստատուած հայ մարդ, ինչպէ՞ս կը տեսնէք Սուրիոյ ապագան եւ արդեօք հիմա Հալէպը վերակառուցելը ճի՞շդ քայլ է: Ի՞նչ ըսելիք ունիք այս առումով:
-Ինծի կը թուայ որ Սուրիոյ յաղթանակը իրական է, եւ արդէն կ’երեւի հորիզոնին։ Կ’ենթադրեմ նաեւ որ Սուրիան բաւական յառաջընթաց պիտի ապրի, յատկապէս գազի եւ նաֆթի հանքերը, որ նոր յայտնաբերուեցան համաշխարհային գետնի վրայ իրենց կշիռը պիտի ունենան եւ Սուրիան բաւական հզօր եւ հարուստ պետութիւն պիտի ըլլայ: Սակայն ինչ կը վերաբերի հայերուն եւ հայկական համայնքին, ես յոռետես եմ: Մենք երկար տարիներ այլընտրանք չենք ունեցած, մեր պատմական հայրենիքը կորսնցուցած ենք եւ ակամայ յայտնուած Սուրիոյ մէջ: Այնտեղ սկսած ենք ապրիլ եւ զգալ մեզ լիարժէք քաղաքացի մեր «հայրենիքին» մէջ, իսկ այնտեղի մեր գոյութիւնը պատճառաբանած ենք, որպէս ցեղասպանութեան հարցին նպաստող շատ կարեւոր ազդակ Թուրքիոյ քթին տակ: Իսկ եթէ հիմա Սուրիան Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունի, ինչպէս աշխարհի շատ մը երկիրներ, ապա հիմա մեր Հալէպ կամ Հայաստան եւ կամ այլ երկիրներ գտնուիլը շատ մեծ տարբերութիւն պիտի չընէ: Այսինքն` ես խորքային իմաստ չեմ տեսեր կառչելու Հալէպի գաղութին զուտ այն տեսանկիւնէն, որ պիտի նպաստէ Ցեղասպանութեան հարցին կամ մեր արդար պահանջներուն: Ուրիշ բան, որ մեծ մշակութային հետքեր ունինք: Ափսոս է անոնք ոչնչանան, որովհետեւ ի վերջոյ անոնք պատմութիւն են, հարստութիւն։ Առաւել եւս փակ համայնքի մէջ ապրիլը իսլամական մշակոյթի գիրկը, նպաստեց, որ շատ աւելի «հայ» մնանք, համեմատութիւնը ցոյց կուտայ որ մենք աւելի «մաքուր» մնացած ենք, քան՝ արեւմտեան զարգացած երկիրներու հայերը, ուր ձուլուիլը շատ աւելի դիւրին է: Այս իմաստով ինչ խօսք, Հալէպը նպաստած է, որ Հալէպի համայնքը հայ մնայ` մտածելակերպով, սովորութիւններով, մշակոյթով եւ լեզուի իմացութեամբ: Հալէպը փոքրիկ Հայաստան մըն էր: Մեզի համար արաբներուն հետ շփուիլը զուտ դրացիութիւն էր, թոյլատրուած չէր ատկէ աւելի «սահմանը անցնիլ»ը: Այո, այս մէկը նպաստեց մեր տեսակի պահպանման, բայց պահպանելը մէկ բան է, ատամներով կառչիլ եւ անպայման ամէն գնով ուզել վերականգնել առաջուան Հայէպի համայնքը ի գին աւելի էական հարցերու, այդ ուրիշ բան է, ճիշդ չէ իմ կարծիքով: Իհարկէ Հալէպի վերականգնումը ինծի միայն ուրախութիւն կը պատճառէ, հոն ծննդավայրս է, իմ սիրելի քաղաքս, երկիրս, մանկութեան յիշատակներս․․․ բայց ի գին շատ մը սրբութիւններու այդ բոլորը ընելը սխալ է ու անընդունելի: Պէտք է ընդունինք նաեւ, որ տեղի բնակչութեան յատկապէս կրօնամոլ հատուածը առաջուայ պէս հանդուրժող եւ բարի դրացիի հոգեբանութիւն չունի այլեւս, պատերազմը բացի ֆիզիկական աւերածութենէն նաեւ հոգիները աւերեց, եւ դժուար թէ այդ ամենը վերակառուցուի, այսինքն չեմ կարծեր, որ հայերը այդտեղ ապահով կրնան ապրիլ, ինչպէս առաջ: Իսկ ինչքանո՞վ է ճիշտ այդպիսի վտանգաւոր գօտիին մէջ մեծ ներդրումներ ընել․․․
Ինծի ընդհանրապէս կը մտահոգէ ոչ առողջ եւ զգացմունքային մտածելակերպը, բացի այս վերջին գրառումէս, որ զիս նեղացուց`Հայաստանը «երկրորդ հայրենիք» կոչելը, վերջերս ուրիշ տարօրինակ գրառում մը եւս կար, որ շատ-շատ վշտացուց զիս, այնտեղ արաբերէնով գրուած էր`«Ես Սուրիահայ եմ, իմ երկիրս Սուրիան է եւ ոչ Հայաստանը», եւ ցաւալին այն էր, որ շատ սուրիահայեր Դիմատետրի վրայ մէկը միւսի էջէն առնելով «հաւնեցան» եւ տարածեցին այս գրառումը: Իմ կարծիքով այս ամէնը կարճատեսութիւն է, տգիտութիւն է, մանկական մտածելակերպ, եւ վերջապէս հայրենիքի դաւաճանութիւն։ Եթէ այսօր Հայաստանը մեզի չի բաւարարեր եւ մեր կենցաղը չ’ապահովեր, ուրեմն պիտանի չէ, չենք սիրեր: Այս պատճառով ալ երէկ գրեցի, «Ամէն մարդ արժանի է իրեն արժանիին»: Այս մարդիկ արժանի չեն Հայաստան ունենալ, իսկ Հայաստանն ալ արժանի չէ զիրենք ունենալու: Թող երթան Լիբանան կամ Սուրիա եւ երջանիկ ապրին:
Իսկ գալով վերակառուցման հարցին, իմ կարծիքով, եթէ վերակառուցումը մեծ գումարներով պիտի չըլլայ, թո՛ղ կառուցուի, իսկ այդ մեծ գումարները շատ աւելի կենսական հարցեր կրնան լուծել, անշուշտ խօսքը Հայաստանի մասին է: Այո, Հալէպը փոքրիկ Հայաստան մըն է եւ երկար երաշխիք ունեցող գաղութ մը` հայապահպանման իմաստով, բայց հայը եթէ գայ եւ Հայաստան ապրի արդէն այդ խնդիրն ալ չունենար. ի՞նչ հայապահպանութիւն Հայաստանի մէջ: Ինչքան ալ որ ինծի համար Սուրիան հարազատ երկիր է, եւ ես կ’ուրախանամ եթէ վերակառուցուի, բայց նաեւ գիտեմ որ ատիկա պիտի ըլլայ շատ լուրջ ներդրումներով, որը կարելի է գործածել շատ աւելի օգտակար եւ ազգային անվտանգութեան համար մեծ նշանակութիւն ունեցող հարցերու լուծմանը: Ի վերջոյ, ո՞րն է աւելի ազգանպաստ՝ Թուրքիայի քթին տակ ունենալ բարգաւաճ Հալէպ գաղու՞թ, թէ՞ բարգաւաճ Հայաստան…