Ֆրանսահայ հեղինակաւոր երգիչ Շառլ Ազնաւուրի կեանքը եւ գործունէութիւնը կ’ամփոփուի մէկ գործողութեամբ պալէի մէջ: «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակատեմական թատրոնի պալեթմայսթըր Ռուտոլֆ Խառատեան տեղեկացուցած է, որ նոր բեմադրութիւն կը պատրաստէ:
«Լա Պոհեմ»-ի մէջ պիտի ըլլան Շառլ Ազնաւուրի երգերը: Անիկա կը ներկայացնէ Շառլ Ազնաւուրի ուղին: «Լա Պոհեմ»-ը մօտ 40 վայրկեաննոց 1 գործողութեամբ պալէ է: Ամենայայտնի երգերը պիտի ըլլան: Թէեւ Ազնաւուրի բոլոր երգերն ալ յայտնի են, շատ դժուար է ընտրելը»,-նշած է Ռուտոլֆ Խառատեան: Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակատեմական թատրոնի պալեթմայսթըրի խօսքով` պալէին պիտի ներկայացուի Ազնաւուրը, անոր կայացման ողջ ուղին, այն, թէ ինչպէս ան հանդիպեցաւ Էտիթ Փիաֆին, ինչերու միջէն անցաւ:
Խառատեանի հաւաստիացումով` ներկայացումը թատրոնին մէջ հնարաւոր պիտի ըլլայ դիտել 2016-ի աշնան: Նշանաւոր ֆրանսահայ երգիչ, երգահան, դերասան եւ հասարակական գործիչ Շառլ Ազնաւուր ծնած է 1924 թուականի Մայիս 22-ին Փարիզ: Բազմաթիւ յայտնի գործերու հեղինակ եւ կատարող է: Վաճառուած է Ազնաւուրի ստեղծագործութիւնները ամփոփող շուրջ 100 միլիոն ձայնապնակ: 2009 թուականէն Ազնաւուր Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանն է, ինչպէս նաեւ Ժնեւի ՄԱԿ-ի գրասենեակին եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչը: Հեղինակաւոր երգիչը Հոկտեմբեր 10-ին համերգով հանդէս եկած է Հայաստանի մէջ, այցի ընթացքին այցելած է տարբեր վայրեր եւ հարցազրոյց տուած «Արմէնփրէսին»-ին: