Հայաստանի մէջ լոյս տեսած է Եկոր Սերգիեւի «Ագռաւաքար» գիրքը՝ Դաւիթ Սարգսեանի թարգմանութեամբ։
Հեղինակը փորձած է ներկայացնել Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ եւ անոր շուրջ վերջին՝ աւելի քան մէկ դարու պատմութեան ընթացքին ծաւալած իրադարձութիւններն ու փաստերը, որոնց համադրումով ցոյց տրուած են Հայկական հարցի տապալման հիմնարար կռուանները, իշխանութեան
ներպետական գրաւումներուն նպաստող շարք մը աշխարհաքաղաքական գործընթացներ եւ գործօններ։
Աշխատութիւնը ռուսերէն հրատարակուած է Մոսկուայի մէջ 2019-ի սկիզբը։ Հեղինակը վերլուծած է Հայաստանի մէջ իշխանութեան բռնագրաւման շղթան՝ մինչեւ 2018 թուականը ներառեալ, որոշակիօրէն անդրադարձած է նաեւ պետութեան բարձրագոյն պաշտօնը զբաղցուցած անձին՝ անոր մէկ տարուայ գործունէութեան արդիւնքներու համապատկերին մէջ ուսումնասիրելով անոր անցած քաղաքական կեանքի ուղին։
Հեղինակը շնորհակալ է Հայաստանի պետական անվտանգութեան կոմիտէի նախկին աշխատակիցներուն՝ նիւթերու ուսումնասիրութեան ընթացքին անոնց ցուցաբերած աջակցութեան եւ օժանդակութեան համար։
Գիրքը նախատեսուած է պատմաբաններու եւ ընթերցող լայն շրջանակներու համար։