Լոյս տեսաւ Անոյշ Բեժանեանի «Կորսուած Հնարաւորութիւններ. Իրաքահայերի Հայրենադարձութիւնը 2003–2008 Թուականներուն» գիրքը

Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ Անոյշ Բեժանեանի «Կորսուած Հնարաւորութիւններ. Իրաքահայերի Հայրենադարձութիւնը 2003–2008 Թուականներուն» աշխատութիւնը, որ կազմուած է 260 էջերէ։ Այս մասին կը հաղորդէ “Թերթ”-ը։

Հեղինակը 2003-ի Իրաքի պատերազմի լոյսին տակ կը քննէ իրաքահայերու հայրենադարձութիւնը, Հայաստանի մէջ անոնց հանդէպ իրականացուող քաղաքականութիւնը եւ պատերազմին հայկական զօրաջոկատին մասնակցութեան հարցը: Մենագրութեան մէջ արծածուած են նաեւ հայրենադարձութեան մասին հիմնական տեսութիւնները եւ իրաքաhայ համայնքին մարտահրաւէրները հայոց մեծ հայրենադարձութեան տարիներուն եւ անկէ ետք:

Գիրքը նախատեսուած է սփիւռքագէտներու, միջազգայնագէտներու, քաղաքագէտներու, պատմաբաններու, մարդաբաններու եւ ընթերցողներու լայն շրջանակներու համար: Անոյշ Բեժանեան 2008–2010 թուականներուն ուսանած է Հարաւային Քարոլայնայի համալսարանին մէջ եւ ստացած միջազգային յարաբերութիւններու մագիստրոսի աստիճան: Հեղինակն է նաեւ «Սփիւռքի Մասին Տեսութիւնների Համառօտ Ակնարկը» գործին: