«Խաչքարը մարդոց աղօթքն է առ Աստուած». Յորդանանցի լուսանկարիչը աշխարհին կը պատմէ հայկական խաչքարի մասին

Խաչքարերուն սիրահարուած յորդանանցի լուսանկարիչ Ռամի Եասէր, որ մասնագիտութեամբ տնտեսագէտ է, իր հայաստանեան առաջին այցին ընթացքին կը նկատէ այն խաչքարը, որ առաջինը դարձաւ հազարաւոր լուսանկարներէն, որոնք յետագային նկարեց: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

Աւելի ուշ կը գիտնայ, որ խաչքարը, աւելի քան 1900 տարի, եղած է հայկական մշակոյթին մէկ կարեւոր մասնիկը:

«Այցիս նպատակը Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւնն էր: National Geographic-ի առաջարկով այցելեցի Հայաստան՝ «Արցունքներ Հայաստանէն» ցուցահանդէսը իրականացնելու նպատակով:

Հայաստանի մէջ մնացի 14 օր եւ խաչքարերու բազմաթիւ լուսանկարներ ըրի: Այդ ճամբորդութենէն ետք՝ Հայաստանը սրտիս մէջ նկարեցի նոր ձեւով, նոր գոյներով: Ես արաբ մարդ մըն եմ, որ մուտք գործած է հայկական պատմութեան եւ մշակոյթի խորքը: Պատմութիւն, մշակոյթ, քաղաքակրթութիւն՝ բաներ, որոնց կարելի է հանդիպիլ ամէն փողոցի վրայ: «Արցունքներ Հայաստանէն»  ծրագիրս վերանուանեցի «Լոյսեր Հայաստանէն»:

Ըստ արաբ լուսանկարիչին՝ հայերը առատաձեռնութեան, բարութեան մարմնաւորում են, այնպիսին, ինչպիսին ինքը երբեւէ չէ հանդիպած իր նախորդ ճամբորդութիւններուն ընթացքին: Իսկ Հայաստանած առաջ այցելած է աւելի քան 82 երկիր:

Ռամիի՝ Հայաստանի մէջ ըրուած լուսանկարները կը ցուցադրուին ԱՄՆ-ի, Եգիպտոսի, Փարիզի, Հռոմի, Լիբանանի մէջ… Այնուհետեւ, բարեգործական ցուցահանդէս կը կազմակերպուի Երեւանի մէջ՝ Թումանեանի թանգարանէն ներս: Հասոյթը կը տրամադրուի Գիւմրիի դպրոցներէն մէկուն մէջ համակարգչային սենեակի մը բացման:

Առաջին այցին աւարտին՝ արդէն ունէր 3255 լուսանկար: Ուսումնասիրելով խաչքարային արուեստը՝ կ՝որոշէ անոր մասին պատմել աշխարհին՝ շեշտելով անոնց հայկական ծագումը:

«Բացի խաչքարերը ուսումնասիրելէն, սկսայ նաեւ հայերէն սորվիլ: Այցելութիւններս դէպի Հայաստան դարձան առաւել յաճախ: 2016 Յուլիսին, նկարիչներու միութեան տան մէջ կայացաւ երկրորդ ցուցահանդէսս, այս անգամ՝ «Խաչքարի մը պատմութիւնը» խորագիրով: Այնուհետեւ ծանօթացայ «Fund 100» բարեգործական հիմնադրամի տնօրէն Տիգրան Բալոյեանի հետ: Ցուցահանդէսի ողջ հասոյթը տրամադրուեցաւ հիմնադրամին, որ կոչուած է օգնելու քաղցկեղով հիւանդ հայ մանուկներուն»:

Եասէր աւելի ուշ կը ծանօթանայ ՏԱ ոլորտի մասնագէտ Մհեր Պարոյրեանի հետ, եւ չորս հոգիէ բաղկացած խումբի մը հետ կը ստեղծէ «Khachkar Foundation» ծրագիրը եւ Khachkar.com կայքը: Այստեղ կարելի է տեսնել շուրջ 38,000 խաչքարի լուսանկարներ, ծանօթանալ անոնց պատմութեան:

«Կայքին նպատակն է աշխարհին ծանօթացնել խաչքարն ու առաւել ճանաչելի դարձնել զայն: Խաչքարերու մասին տեղեկատւութիւնը պարբերաբար կը թարմացուի, անոնք կը դասակարգուին ըստ աշխարհագրական դիրքի: Անիկա վերացական թանգարան է: 2018-ին խաչքարերու եւ իմ ծրագիրներուն շուրջ հանդիպում-քննարկում ունեցայ Յորդանանի մէջ: Տեղի նկարիչներու միութեան կողմէ ստացայ պարգեւ: Նոյն թուականին, «Հայ եկեղեցւոյ ազդեցութիւնը խաչքարի զարգացման վրայ» դասախօսութենէն ետք՝ Յորդանանի հայերու միութեան կողմէ արժանացայ ազգային վարչութեան պարգեւին։

Այդ ժամանակ ալ սկսանք «Հայկական խաչքարը մշակութային ցեղասպանութիւններու եւ գոյութեան հրամայականներու միջեւ» անունը կրող լուսանկարչական ալպոմ-գիրքի նախապատրաստութիւնը, որ այժմ տպագրութեան փուլի մէջ է»:

Ռամին արդէն 11 անգամ այցելած է Հայաստան եւ մտադիր է նաեւ այցելելու Հայաստանի գրաւուած տարածքներ՝ ինչպէս, օրինակ, Նախիջեւան: Անոր նպատակն է լուսանկարել այնտեղի խաչքարեր՝ իբրեւ հայ ժողովուրդի դարաւոր գոյութեան վկաներ:

«Խաչքարը մարդոց աղօթքն է առ Աստուած: Միշտ կը մտածեմ՝ որքան մեծ է այն հաւատքը, որ կը ստիպէ քարին աղօթք արտասանել»,- կ՝ըսէ արաբ լուսանկարիչը: