ԿԳՄՄՆ. «Հայկական տուտուկը UNESCO-ի ցուցակին մէջ անցած է 2008-ին»

Հայկական տուտուկի երաժշտութիւնը դեռ 2005-ին UNESCO-ն հռչակած է Մարդկութեան բանաւոր եւ ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան գլուխգործոցներէն մէկը, եւ 2008-ին «Տուտուկն ու իր երաժշտութիւնը» վերնագիրով՝ հայկական ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան տարրը՝ ընդգրկուած է UNESCO-ի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցուցակին մէջ։ Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ ԿԳՄՄ նախարարութիւնը՝ արձագանգելով Երեքշաբթի՝ 7 Ապրիլ 2020-ին, տարածուած այն տեղեկութեան, թէ թուրքերն ու ատրպէյճանցիները համատեղ յայտ ներկայացուցած են UNESCO՝ հայկական երաժշտական գործիքներէն մէկը՝ տուտուկը, 2021-ին ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանին վրայ ներառելու համար:

Տուտուկը, կամ թուրքերու եւ ատրպէյճանցիներու ձեւակերպումով՝ բալաբանը, կ’առաջարկուի ներառել այդ ցանկին մէջ՝ իբրեւ բազմազգ մշակութային ժառանգութեան արժէք:

ԿԳՄՄՆ-ի տեղեկութիւններով՝ տուտուկ հայկական նուագարանը եւ անոր երաժշտութիւնը հայկական ժողովրդական երաժշտական մշակոյթի բնութագրական դրսեւորումներէն է, անիկա տարածուած ու կենսունակ է ոչ միայն նուագարանային կատարողական արուեստի մէջ, այլեւ
հասարակութեան մէջ՝  ընտանիքներու, համայնքներու, մշակութային, կրթական տարբեր կազմակերպութիւններու մէջ։ Վերջին տարիներուն բազում ծրագրեր կ՝իրականացուին տուտուկի պահպանութեան, փոխանցման եւ հանրահռչակման ուղղութեամբ, կը կազմակերպուին տեղական եւ միջազգային փառատօներ, ֆլեշմոպեր եւ այլ ձեռնարկներ։