Հայաստանի Կոմպոզիտորներու (Երաժշտահաններու) միութիւնը դէմ է, որ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական կոնսերվատորիան (Երաժշտանոցը)
մաս կազմէ որեւէ այլ կառոյցի։
«Այն, որ ԲՈւՀ-երու միաւորման հարցը առայժմ դեռ նախագիծի տեսքով է, դեռ երաշխիք չէ, որ չի կրնար իրականութիւն դառնալ: «Միաւորուող» ԲՈւՀ-երու ցանկին մէջ է նաեւ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցը, մեր պետութեան թիւ մէկ մասնագիտական բարձրագոյն երաժշտական հաստատութիւնը, կառոյց, որ իր մէկդարեայ գոյութեան ընթացքին բազմաթիւ անգամ հաստատած է թէ՛ իր բարձր կարգը, թէ՛ իր նշանակութեան կարեւորութիւնը ինչպէս հայ, այնպէս ալ համաշխարհային երաժշտարուեստէն ներս:
Մայրաքաղաքի սրտին մէջ կառուցուած երաժշտական դարբնոցի շէնքը, իբրեւ կառոյց, կ՝ամբողջացնէ այն հսկայ մշակութային համալիրը, որուն մէջ ներառուած են քաղաքի գլխաւոր համերգասրահները, երաժշտական դպրոցները, պարարուեստի ուսումնարանը եւ այլն, ուստի երաժշտանոցի տեղափոխութիւնը այլ վայր ուղիղ իմաստով պիտի անդրադառնայ հաստատութեան օրգանիկ գործունէութեան վրայ: Բացի այդ, միաւորուելով այլ ԲՈւՀ-երու հետ, փաստացի պիտի դադրի գործելէ իբրեւ ինքնուրոյն կառոյց, որ եւս ոչ մէկ կերպ օգուտ է հաստատութեան, առաւել եւս, որ հայ ազգային կոմպոզիտորական դպրոցի հիմնադիրի՝ մեծանուն Կոմիտասի անունը այս պարագային պիտի յայտնուի, մեղմ ըսած, լուսանցքի մէջ:
Աւելորդ չէ նշել, որ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ կան ակադեմիական քաղաքներ, սակայն ատիկա որեւէ կերպով չէ ազդած, որ փակուին երկրի համար կենսական նշանակութիւն ունեցող երաժշտանոցները: Ընդհակառակը, պետութիւնները շարունակած են իրենց բարձր հոգածութեան ներքոյ պահել այդ հաստատութիւնները: Ի վերջոյ մշակոյթի բարձր մակարդակը ցանկացած պետութեան դիմագիծն է:
Պէտք է ջանք ու եռանդ չխնայել, որպէսզի մեր ազգային արժէքներէն մէկը՝ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցը 21-րդ դարուն նորովի զարգանայ՝ շարունակելով ըլլալ թէ՛ մեր մայրաքաղաքի, թէ մեր ժողովուրդի առանցքային կրթօճախներէն մէկը: Ուստի այս առիթով, Հայաստանի կոմպոզիտորներու միութիւնը, որուն կազմին մէջ ընդգրկուած գրեթէ բոլոր անդամները աւարտած են նոյն այս հաստատութիւնը, իսկ մէկ մասը անգամ կ՝աշխատի այդտեղ, իր աջակցութիւնը կը յայտնէ Երեւանի պետական երաժշտանոցը իր շէնքին մէջ գործունէութիւնը շարունակելու եւ որեւէ այլ կառոյցի մաս չկազմելու գաղափարին»,- նշուած է Կոմպոզիտորներու միութեան յայտարարութեան մէջ։