Հայաստանի մէջ 19 Փետրուարը կը յիշուի որպէս գիրք նուիրելու օր՝ ի յիշատակ հայ մեծ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան:
Հայաստանի Գրողներու Միութիւնը եւ Մշակոյթի Նախարարութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան որոշումին համաձայն` ամէն տարի գիրք նուիրելու օրը պետական պատուէրով եւ աջակցութեամբ հրատարակուած ու չվաճառուած գիրքերը կը բաժնեն մարզային եւ համայնքային, ինչպէս նաեւ Արցախի եւ Ջաւախքի գրադարաններուն:
Հայաստանի մէջ գիրք նուիրելու օրը որոշուած է 2008 թուականին՝ Գրողներու Միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան նախաձեռնութեամբ: Այս օրը տարբեր երկիրներու մէջ կը կատարուին բազմաթիւ ձեռնարկներ. գիրքերը կը նուիրուին գրադարաններուն, որբանոցներուն, դպրոցներուն՝վերարժեւորելու գիրքին նշանակութիւնը: