Հայաստանի մէջ լոյս տեսած է «Հայ-իրանական Դիւցազնավէպ»ը

Հայաստանի Հանրապետութեան Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ուսումնարանի հրատարակչութիւնը կը ներկայացնէ «Ռոստամ Զալ» Հայ-իրանական դիւցազնավէպը:

Ըստ Panorama.am-ի՝ «Գրական իրարանցում» Facebook-ի էջը կը փոխանցէ, թէ գիրքը ընդգրկած է հայ-իրանական «Ռոստամ Զալ» դիւցազնավէպի՝ նախապէս մամուլի մէջ հրատարակուած եւ անտիպ պատումներ:

«Ռոստամ Զալ»ի տարբերակները գրի առնուած են 1880-1974 թթ. պատմական Հայաստանի տարբեր վայրերու մէջ: Տարածման ու տեղայնացման առանձնայատկութիւնները, ընդհանուր մոտիւները, գեղարուեստական արտայայտչամիջոցները կը մատնանշեն «Ռոստամ Զալ»ի հարազատութիւնը մեր վիպական աւանդութեան, յատկապէս «Սասնայ ծռեր» էպոսին ու ժողովրդական հեքիաթներուն:

Գիրքը հրատարակուած է ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ուսումնարանի գիտական խորհուրդին որոշումով: Կազմած են՝ Ս. Յարութիւնեանը, Հ. Համբարձումեանը, Տ. Դալալեանը, Ն. Վարդանեանը եւ Ա. Պօղոսեանը, խմբագրած են՝ Հայկ Համբարձումեանն ու Հայկանուշ Մեսրոպեանը: