Հայաստանի պատմութեան թանգարանը 100 տարեկան է

Հայաստանի պատմութեան թանգարանը կը նշէ հիմնադրութեան 100-ամեակը:

«Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` Հայաստանի առաջին հանրապետութեան խորհրդարանի որոշումով` 1919-ի Սեպտեմբեր 9-ին ստեղծուեցաւ Հայաստանի պատմութեան թանգարանը, որ արդէն մէկ դարէ ի վեր այցելուներուն կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ մշակոյթի արժէքները:

Թանգարանի յոբելեանին նուիրուած ձեռնարկները սկիզբ առին գիտաժողովի հանդիսաւոր նիստով, որուն մասնակցեցան արտերկրի յայտնի թանգարաններու ներկայացուցիչներ:

«Շատ դժուար է գերագնահատել Պատմութեան թանգարանի նշանակութիւնը անցած 100 տարիներու ընթացքին: Պատմութեան թանգարանը յիշողութիւն կրող այն հաստատութիւնն է, որուն դերը շատ մեծ է մեր պետութեան, նաեւ պետութեան կայացման մէջ»,- ըսած է թանգարանի տնօրէն Գրիգոր Գրիգորեան` աւելցնելով, որ յառաջիկային Հայաստանի Պատմութեան թանգարանը այցելուներուն պիտի ներկայանայ նոր ցուցահանդէսներով:

Ռուսիոյ պատմութեան թանգարանի փոխտնօրէն Անտրէ Եանքովսկին նշած է, որ նման հաստատութեան համար 100 տարին պատկառելի թիւ է, սակայն Հայաստանի նման հին երկրի համար շատ երիտասարդ տարիք է:

«Եթէ խօսքը մարդու կեանքի մասին է, ապա 100 տարին շատ է, սակայն Հայաստանի համար այս տարեթիւը բացարձակ զարմանալի չէ: Պետական կառոյցին համար սա պատկառելի տարիք է, բայց Հայաստանի նման հին երկրի համար սա ակնթարթ է, նոյնիսկ երիտասարդութիւն»,- նշած է ան:

Հայաստանի պատմութեան թանգարանի յոբելեանը տեսակապով շնորհաւորեցած է նաեւ Ս․ Փեթերզպուրկի Էրմիթաժ թանգարանի տնօրէն Միխայիլ Փիոթրովսքին, որ ընդգծած է թանգարաններու միջեւ բարեկամական եւ գործընկերային սերտ կապը եւ զայն խորացնելու կարեւորութիւնը:

Հայաստանի պատմութեան թանգարանի հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած գիտաժողովի հանդիսաւոր նիստին մասնակցեցան Պետական, Էրմիթաժի, Լուվրի, Մեթրոփոլիթէն արուեստի թանգարանի, Ռուսիոյ պատմութեան թանգարանի, Առլի հնութիւններու թանգարանի, Ռոսֆոթօ թանգարան-ցուցահանդէսային կեդրոնի ներկայացուցիչները, պատմաբաններ, հնագէտներ, թանգարանագէտներ եւ արուեստաբաններ Ֆրանսայէն, Իտալիայէն, Ռուսիայէն եւ հայաստանեան տարբեր հաստատութիւններէ: Նիստի ընթացքին թանգարանի ճանաչելի դարձնելու գործին մէջ մեծ աւանդ ունեցած անձերու եւ թանգարանի վաստակաշատ աշխատակիցներուն յանձնուեցան յոբելենական յուշամետալներ: