Հայաստան դարձած է Եւրոպայի Խորհուրդի ֆիլմարտադրութեան աջակցող Eurimages հիմնադրամի անդամ:
1988-ին ստեղծուած Eurimages հիմնադրամի նպատակն է աջակցիլ ԵԽ անդամ երկիրներու միջեւ համատեղ ֆիլմարտադրութեան, ֆիլմերու ցուցադրութեան:
Կ՛ակնկալուի, որ Հայաստանի անդամակցութիւնը այս հիմնադրամին պիտի նպաստէ կինոարտարդրութեան ոլորտին մէջ հայ եւ եւրոպացի կինոգործիչներու, կինոարտադրողներու փորձի փոխանակման, համատեղ ֆիլմարտադրութեան իրականացման: