Հայերէնը աշխարհի 60 ամէնէն ազդեցիկ լեզուներու շարքին է

Մասաչուսէթսի արուեստագիտութեան հիմնարկի մասնագէտներու բազմադիտարկող խումբը հետազօտած է աշխարհի մօտ 1000 լեզուներու կիրառումը ու փոխադարձ կապերը` որոշելու համար անոնց ազդեցողութեան աստիճանը, կը հաղորդէ Panarmenian.net-ը:

Հետազօտութեան համար օգտագործուած են վերջին 30 տարուան մէջ աւելի քան 2,2 միլիոն գիրքերու թարգմանութեան, Ուիքիփետիայի յօդուածներու եւ հեղինակներու քանակի, Twitter-ի գրառումներու վերաբերեալ տուեալները եւ շարք մը այլ տեղեկութիւններ:

Հայոց լեզուն 48-րդ ամենազդեցիկ լեզուն ճանչցուած է գիրքերու թարգմանութեան մասով, 59-ը` ըստ ազդեցողութեան Ուիքիփետիայի, 57-րը` Twitter-ի մէջ: Ըստ հետազօտողներուն, հայերէնի կրող կը համարուի 6 միլիոն մարդ, 30 տարուան մէջ հայերէնէն թարգմանուած է 1100 գիրք, հայերէն` 2139:

Հետազօտութիւնը նաեւ բացայայտած է լեզուներու միջեւ կապերը ` լեզուային միջավայրէ մը միւսին տեղեկատուութիւն փոխանցելու տեսակէտէ: Հայերէնի համար գլխաւոր կապակցողները համարուած են ռուսերէնն ու անգլերէնը: Ատիկա կը նշանակէ, որ օրինակ, ֆրանսերէն կամ սպաներէն գրուած հաղորդագրութիւնը հայալեզու միջավայրի մէջ կը յայտնուի ռուսերէն եւ անգլերէն աղբիւրներէ թարգմանութեան միջոցով:

Ինչպէս եւ կ՛ակնկալուէր, գրականութեան թարգմանութիւններու մասով ամենազդեցիկը ճանչցուած է անգլերէնը, որուն կը յաջորդեն ֆրանսերէնը, գերմաներէնը, իտալերէնը եւ ռուսերէնը: Առաջին տասնեակին մէջ են նաեւ սպաներէնը, ճափօներէնը, հոլանտերէնը, լատիներէնը եւ շուէտերէնը: Արաբերէնը միայն 19-րդն է, չինարէնը`20-րդը ըստ ազդեցողութեան: