Հայերէնի եւ հայ մշակոյթի դասընթացք՝ Վենետիկի մէջ

34-րդ տարին ըլլալով` Պո-Արաքս մշակութային ընկերակցութիւնը, զոր հիմնած է Վենետիկի հայագիտութեան ամպիոնի հիմնադիր Հայր Լեւոն Զէքիեան, 2019-ի Յուլիսին եւ Օգոստոսին պիտի կազմակերպէ հայերէնի  եւ հայ մշակոյթի իր ծաւալուն եւ բազմակերպ ծրագիրը։

Դասընթացքը խտացած ձեւով տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 1-էն մինչեւ 17, եւ  կը բաղկանայ 65 դասաժամերէ, որոնք կը նախատեսեն, մանաւանդ բարձր մակարդակներու համար, արեւմտահայերէնի լեզուաբանական տեսական եւ գործնական գիտելիքներ, ուսուցչական մեթոտաբանութիւն, գրաբար, լեզուի պատմութիւն, արդի արեւմտահայերէնի գրականութիւն, արդի եւ ժամանակակից գեղարուեստական պատմութիւն, ինչպէս նաեւ ստեղծագործական ընթերցումներ, հայ պարի եւ տուտուկի երեկոյեան դասեր եւ առաջնորդուած բազմաթիւ եւ անմոռանալի պտոյտներ:

Դասընթացքի նպատակն է հայերէնի լեզուի (ընդարձակ իմաստով), մշակոյթի ծանօթութիւնը եւ գիտութիւնը փոխանցուին որպէս կենդանի գիտելիքներ։ Անցեալ տարիներուն մասնակիցները կրցած են այս կերպով լաւացնել իրենց հորիզոնը, թարմացնել իրենց մօտեցումը, եւ հպում ունենալ հայ մշակոյթի եւ ընկեր-տնտեսական պատմութեան ամենակարեւոր կեդրոններէն մէկուն:

Այս դասընթացքին արդէն իսկ մասնակցած են աւելի քան 1000 հոգի, աշխարհի չորս կողմերէն։

Կրնաք այս ծրագիրին մասին աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ գտնել հետեւեալ կայքերուն վրայ՝

http://www.padus-araxes.com/home-page/summer-course/

https://www.youtube.com/watch?v=E8mVqT6u4mI&feature=share

https://www.youtube.com/watch?v=fTaUGjqn-o0#action=share