Հայաստան ազգային տաղաւարով մասնակցեցաւ Ապրիլ 28-էն Հոկտեմբեր 7 Փեքինի մէջ տեղի ունեցած Այգեգործական համաշխարհային Փեքին Էքսփօ-2019 ցուցահանդէսին, ուր 162 օր անընդմէջ լայնօրէն եւ բազմակողմանի ներկայացուեցան հայկական այգեգործութիւնը եւ գիւղատնտեսութիւնը, գինեգործութիւնը, հայկական մշակոյթը եւ պատմութիւնը, բազմաթիւ անգամներ ցուցադրուեցան Հայաստանի զբօսաշրջային գրաւչութիւնները ներկայացնող տարբեր տեսանիւթեր:
Ինչպէս կը յայտնէ ՀՀ Տնտեսութեան նախարարութեան մամլոյ վարչութիւնը, ցուցահանդէսի 6 ամսուան տեւողութեան հայկական տաղաւարը այցելուներուն ներկայացուցած է հայկական արտադրութեան, միջազգային շուկաներու մէջ մրցունակ տարբեր ապրանքատեսակներ` ներառեալ խաղողի եւ նուռի գինիներ, քոնեակ, մրգային պահածոներ, տուրմ, տարբեր տեսակի հայկական քաղցրաւենիքներ, հայկական թարմ ծիրան եւ այլազան մրգային չիրեր: Միջին հաշուարկով` Հայաստանի տաղաւարի այցելուներու քանակը կազմած է օրական 25-էն 30 հազար մարդ, իսկ այցելութիւններու ամենաբարձր թիւը հասած է Մայիս 2-ին` 120 հազար մարդ:
Սեպտեմբեր 22-ին, Փեքինի Այգեգործական համաշխարհային ցուցահանդէսի ծիրին մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուած է Հայաստանի Անկախութեան 28-րդ տարեդարձը։ Ձեռնարկին ներկայ եղած են Չինաստանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերգէյ Մանասարեան, Փեքին Էքսփօ 2019-ի Բիւրոյի նախագահի տեղակալ Ճաոյ Լեանբան, Չինաստանի մէջ դեսպանութիւններու դիւանագէտներ, եւ այլ հիւրեր։
Հոկտեմբեր 9-ին ցուցահանդէսի հանդիսաւոր փակման արարողութեան ժամանակ տեղի ունեցած Փեքինի համաշխարհային պարտէզներու մրցանակաբաշխութեան «հայկական տաղաւարը» ստացած է Փեքինի համաշխարհային ցուցահանդէսի ոսկէ մրցանակը: