ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՏԱՌԱՐՈՒԵՍՏԸ ՆԵՐԱՌՈՒԱԾ Է ԻՒՆԵՍՔՕ-Ի ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ՈՉ-ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՑՈՒՑԱԿԻՆ ՄԷՋ

«Ճանաչել Զիմաստութիւն Եւ Զխրատ, Իմանալ Զբանս Հանճարոյ»․ Սողոմոնի առակներէն այս նախադասութիւնը հայոց այբուբենով գրուած առաջին նախադասութիւնն էր: Հայաստանի մէջ ԻՒՆԵՍՔՕ-ի ազգային յանձնաժողովի պաշտօնական դիմատետրի էջը կը տեղեկացնէ, որ հայկական տառարուեստը եւ անոր մշակութային դրսեւորումները ներառուած են ԻՒՆԵՍՔՕ-ի Մարդկութեան ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցուցակին մէջ: 1992-էն ի վեր Հայաստան կ’անդամակցի ԻՒՆԵՍՔՕ-ին եւ առաջին անգամ ներկայացուցած է իր թեկնածութիւնը՝ անդամակցելու ԻՒՆԵՍՔՕ-ի Գործադիր Խորհուրդին 2021-2025 ժամանակաշրջանին: