Բանաստեղծ, լրագրող, խմբագիր Սամուէլ Մարգարեանի հայրենասիրական թեմայով գրուած «Հերոսապատում» գիրքի պոէմներն ու բանաստեղծութիւնները կ՝անդրադառնան Արցախի, Հայոց բանակի, Հայոց դատի նուիրեալներուն:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ գիրքին շնորհանդէսը տեղի ունեցած է Դեկտեմբերի 5-ին Հայաստանի գրողներու միութեան տան մէջ:
«Գիրքին մէջ զետեղուած են հեղինակի տարբեր տարիներու ստեղծագործութիւնները: Յատկապէս ընդգծուած են արցախեան պատերազմի հերոսամարտի ե՛ւ զոհուած, ե՛ւ կենդանի հերոսներու մասին գործերը: Կայ անդրադարձ Սարդարապատի ճակատամարտին, ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին»,- նշած է Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանը: Ան նաեւ ըսած է, որ պոէզիան ինքնին զինուոր է մարտադաշտի մէջ:
Գրականագէտ Պետրոս Տէմիրճեանի խօսքով` Սամուէլ Մարգարեանը իր տպագրած առաջին գիրքէն մինչեւ «Հերոսապատում» ժողովածուն հաւատարիմ մնացած է այն թեմաներուն, որոնք միշտ առկայ եղած են իր ստեղծագործութիւններուն մէջ:
«Անոնք են հայրենիքը, հերոսները, հայոց պատմութիւնը, քաղաքները, ի վերջոյ սէրը ո՛չ միայն հայրենիքի, այլեւ՝ կնոջ, սիրած աղջկայ եւ աշխարհի նկատմամբ»,-ըսած է Տէմիրճեանը:
«Ապրելով այս հողին վրայ`մենք երբեք չենք մոռնար յանուն հայրենիքի արիւն թափած հերոսները: Այս ժողովածուին մէջ անդրադարձած եմ Հայկ նահապետէն մինչեւ ապրիլեան պատերազմի հերոսները, փորձած եմ դէպքերն ու իրադարձութիւնները գեղարուեստօրէն, բանաստեղծական ներկայացնել: Հնարաւոր չեղաւ բոլորին մասին մէկ գիրքի մէջ գրել, հետեւաբար անիկա շարունակութիւն պիտի ունենայ»,- շեշտած է գիրքի հեղինակ Սամուէլ Մարգարեանը: Ան ընդգծած է, որ հայ ժողովուրդը իր ողջ պատմութեան ընթացքին ունեցած է քաջութեան բազում էջեր, սակայն իրեն համար վճռական, ճակատագրական սխրանքները Աւարայրի, Սարդարապատի հերոսամարտերն են եւ Արցախի ազատագրումը:
Շնորհանդէսին ներկայ եղած են ինչպէս գրողներ, այնպէս ալ` Արցախի ազատագրման մասնակցած հերոսներ եւ քառօրեայ պատերազմին զոհուած զինուորներու ծնողներ:
Նշենք, որ Սամուէլ Մարգարեանը ծնած է 1952-ին Ախուրեանի շրջանի Երազգաւորս գիւղին մէջ: Աւարտած է ԵՊՀ բանասիրական բաժանմունքը: «Շիրակ» թերթի խմբագիրն է: Հրատարակած է բանաստեղծական 21 ժողովածու: Անոր գործերը թարգմանուած են ռուսերէն, վրացերէն, անգլերէն, ուքրաներէն: Յայտնի գիրքերն են «Սրբազան լեռնաշխարհ»-ը, «Աշխարհի հուրիներին»-ը, «Մեղրագետ»-ը, «երազգաւորս»-ը: