Հայոց Աբգար թագաւորին նամակը Յիսուս Քրիստոսին

Յիսուս Քրիստոսին ուղղուած Աբգար թագաւորի նամակին բնօրինակը կը գտնուի Հռոմի Պապի անձնական հաւաքածուին մէջ:

Հայոց Աբգար թագաւորը, լսելով Փրկչի հրաշագործութիւններու համբաւը եւ հաւատալով, որ ատոնք մարդու զօրութիւններ չեն, այլ Աստուծոյ, իր բանբերներու միջոցով թուղթ` նամակ-խնդրագիր կ՛ուղարկէ Երուսաղէմ` Փրկիչին, որպէսզի Ան գայ եւ բժշկէ զինք. շուրջ եօթ տարի թագաւորը բորոտ էր:

Ստորեւ կը ներկայացնենք նամակին բովանդակութիւնը.

 

«Աբգար Արշամէն աշխարհի իշխան, բարերար եւ փրկիչ Յիսուսիդ, որ Երուսաղէմի մէջ յայտնուեցար, ողջո՛յն:

Լսած եմ քու մասին, եւ այն բժշկութիւններուն, որոնք կը կատարուին քու ձեռքով առանց դեղերու եւ արմատներու, որովհետեւ, ինչպէս կ՛ըսեն, դուն կոյրերուն տեսնել կու տաս, կաղերը կը քալեցնես, բորոտները կը մաքրես, չար ոգիներ ու դեւեր կը հանես, դուն նաեւ մեռածները կը կենդանացնես: Երբ այս ամէնը քու մասին լսեցի, միտքս դրի այս երկուքէն մէկը` կամ որ դուն Աստուած ես, որ երկնքէն իջած են, կամ Աստուծոյ որդին: Այս պատճառով քեզի գրեցի, աղաչելով, որ նեղութիւն կրես, գաս իմ մօտ եւ բժշկես իմ ունեցած հիւանդութիւնը: Նաեւ լսեցի, թէ հրէաները քեզմէ կը դժգոհին եւ կ՛ուզեն քեզ չարչարել, բայց ես փոքր ու գեղեցիկ քաղաք մը ունիմ, որ երկուքիս ալ բաւական է»:

 

Աբգար կ՛արժանանայ Փրկիչի պատասխանին, ուր կ՛ըսուի, որ Փրկիչ պիտի ուղարկէ իր աշակերտներէն մէկը, որ պիտի գայ, «բժշկէ եւ կեանք շնորհէ քեզի եւ քեզի հետ եղողներուն:

Փրիկչի համբառնալէն ետք Թովմաս առաքեալ Եդեսիա կ՛ուղարկէ Թադէոս առաքեալը, որ կը բուժէ Աբգարը, քաղաքի բոլոր հիւանդներն ու ախտաւորները, կը քարոզէ Աւետարանը եւ Եդեսիոյ եպիսկոպոս կը կարգէ Ադդէ անունով մետաքսագործ մը, ապա կը մեկնի, ըստ Մովսէս Խորենացիի, Աբգարի քեռորդիին` Հայոց Սանատրուկ թագաւորի արքունիք:

Աբգար դարձի գալով` նամակներ (թղթեր) կը յղէ Հռոմի Տիբերիոս կայսրին, Ասորեստանի Ներսէհ թագաւորին, Պարսից Արտաշիր թագաւորին, «որպէսզի անոնք եւս ընդունին Յիսուս Քրիստոսը` որպէս Աստուծոյ Որդի եւ Փրկիչ»:

Նշենք, որ Աբգար թագաւորի նամակին բնօրինակը կը գտնուի Հռոմի Պապի անձնական հաւաքածուին մէջ:

Նիւթը պատրաստուած է Մովսէս Խորենացիի «Հայոց պատմութիւն» գիրքի հիման վրայ:

 

Արա Նախշքարեան