Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին նուիրաբերուած է բացառիկ արժէք ներկայացնող գորգ մը:
Անիկա Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին նուիրաբերուած է Ասպետ Համալեանի (կտակատար) եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան միջոցով` պէյրութաբնակ բժիշկ Հրայր-Մկրտիչ Սրապեանի կտակին համաձայն:
Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի պաշտօնական կայքը:
Այս նուիրատուութեամբ նուիրատուն կարեւորած է Հայոց Ցեղասպանութեան յիշողութեան պահպանումն ու փոխանցումը սերունդներուն:
Համատան տեսակի այդ գորգը գործած են Ղազիրի որբանոցի սանուհիները 1925-ին: Անոնց գործած համանման գորգ մը նուիրուած է ԱՄՆ նախագահ Ք. Քուլիճին` որպէս երախտագիտութիւն ամերիկացի ժողովուրդին հայերուն ցուցաբերած օգնութեան համար: 1920-ականներուն Ղազիրի որբանոցին մէջ ապաստանած էին ցեղասպանութենէն փրկուած շուրջ 1400 հայ որբուհիներ, որոնք ի թիւս այլ արհեստներու, կը սորվէին նաեւ գորգագործութիւն: 1923-1930 թուականներուն այստեղ կը գործուի 3000-է աւելի գորգ, շուրջ 1000 որբ հայուհիներ կը ստանան գորգագործի վկայագիր:
Գորգը պատկանած է պէյրութաբնակ Սրապեաններու ընտանիքին եւ աւելի քան 90 տարի պահուած է իբրեւ մասունք: Նուիրատուի հայրը Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած Յովհաննէս Յակոբի Սրապեանն է (ծն. 1899-ին), որ 1915-ին տարագրուած է հայրենի Հուսէյնիկ գիւղէն (Խարբերդի նահանգ): Կոտորածներէն մազապուրծ Յովհաննէսը հաստատուած է Հալէպ, ապա` Պէյրութ: Ան Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան նպաստամատոյցի տարբեր որբանոցներու մէջ, ինչպէս նաեւ Ղազիրի, աշխատած է իբրեւ ատամնաբոյժ: