Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող հոլիվուտեան «Խոստումը» ֆիլմի համանուն երաժշտութիւնը, որուն հեղինակը ու կատարողը յայտնի ռոք երաժիշտ Քրիս Քորնըլն է, առաջադրուած է «Կրեմի» մրցանակի:
Այս մասին կը յայտնէ մրցանակաբաշխութեան պաշտօնական կայքը:
Քորնըլի «Խոստումը» երգը առաջադրուած է «Լաւագոյն ռոք կատարում» անուանակարգին:
Յայտնի ռոք երաժիշտ Քրիս Քորնըլ մահացած է 2017-ի Մայիսին` 52 տարեկանին:
Ան յայտնի է որպէս Soundgarden ռոք խումբի կիթառահար ու երգահան:
Ան հեղինակած էր «Խոստումը» երգը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող հոլիվուտեան համանուն ֆիլմին համար: Խօսելով ֆիլմին մասին` երգիչը ըսած էր. «Մենք պէտք է տեղեակ ըլլանք անցեալին տեղի ունեցած դէպքերու մասին: Ատիկա շատ կարեւոր է ինծի համար, քանի որ մենք չենք պատմեր պարզապէս մէկդարեայ հնութեան պատմութիւն, մենք կը խօսինք այն պատմութեան մասին, որ տեղի կ՛ունենայ այսօր»: