«Հայոց Ցեղասպանութեան 1919-1923 Թուականները. Քեմալական Կոտորածներ» շարժանկարը՝ ՆԱՄ-ի մէջ

Մարտ 28-ին, ժամը 20:00-ին, «Ուսումնասիրելով ցեղասպանութեան թեմայով վաւերագրականները» խորագիրը կրող յատուկ նախագիծին ծիրէն ներս՝  «Նարեկացի» արուեստի միութեան յարկին տակ պիտի ցուցադրուի «Հայոց Ցեղասպանութեան 1919-1923 թուականները. քեմալական կոտորածներ» (2015) շարժանկարը:

Թրքական պաշտօնական պատմագրութիւնը կը ժխտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը` պնդելով, որ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը առնչութիւն չունի ցեղասպանութեան հետ:

Վաւերագրերու վրայ հիմնուած «Քեմալական կոտորածներ» ֆիլմը ամբողջութեամբ կը հերքէ այս պնդումը:

Շարունակելով երիտթուրքերու ծրագիրը` Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի կառավարութիւնը բնաջնջեց եւ տեղահանեց արեւմտահայերը իրենց դարաւոր հայրենիքէն:

Քեմալականները, դարերու ընթացքին, հայերու ստեղծած ունեցուածքի հաշուին լեցուցին պետական դատարկ գանձանակը, վճարեցին արտաքին պարտքերուն զգալի մասը եւ 1923-ի Հոկտեմբեր 29-ին հռչակեցին Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը:

Ժամանակակից Թուրքիան կառուցուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին բռնութեամբ իւրացուած նիւթական, քաղաքական, ռազմական արժէքներու հիմքին վրայ:

Ֆիլմը պիտի ներկայացուի անգլերէն:

Մուտքը ազատ է:

www.naregatsi.org