Հայ թագուհիի մասին վրացական ստեղծագործութիւնը թրքերէնի թարգմանուած է

Վրացական գրականութեան ամենահին ստեղծագործութիւններէն մէկը՝ «Սուրբ Շուշանիկ թագուհիի նահատակութիւնը» ստեղծագործութիւնը թարգմանուած է թրքերէնի եւ հրատարակուած է թրքական Otello հրատարակչութեան կողմէ։ Ըստ Yerkir.am-ի՝ այս մասին կը տեղեկացնէ Sputnik-Georgia-ն:

Ստեղծագործութիւնը, որ վարքագրական վէպի նմոյշ է, գրուած է 476 եւ 483 թուականներու միջակայքը, իսկ պահպանուած ամենավաղ ձեռագիրը կը թուագրուի 10-րդ դարով: Հեղինակը Եագով Ծուրթաւելին է՝ նկարագրուող իրադարձութիւններու ժամանակակիցն ու մասնակիցը: Ի դէպ, մօտաւորապէս այդ ժամանակ ստեղծուած է նաեւ Շուշանիկի վարքի հայկական կրճատ տարբերակը։

Ստեղծագործութեան մէջ կը նկարագրուին քրիստոնէութենէն չհրաժարած՝ Վարդան Մամիկոնեանի դուստ Շուշանիկի տառապանքներն ու սպանութիւնը ամուսինիի՝ Վարսկենի (Վազգէն) ձեռքով, որ Հարաւային Քարթլիի թագաւորն էր։ Պարսիկներու հետ համագործակցելու նպատակով ընդունելով զրադաշտականութիւն՝ ան նոյնը կը պահանջէ նաեւ իր կնոջմէ ու երեխաներէն։ Շուշանիկը, մերժելով անոր պահանջքը, վեց տարի կ՝անցնէ զնտանի մէջ՝ ենթարկուելով տանջանքներու եւ ստորացման, այնուհետեւ՝ կը սպաննուի։

Եակով Ծուրթաւելին կը հաւաստիացնէ, որ ինքը եղած է թագուհիի խոստովանահայրը, ստեղծագործութեան մէջ կը շարադրէ իր զրոյցները թագուհիի հետ: Երկին մէջ տեղեկութիւններ կան երկրի պետական կառուցուածքին, պատմութեան, կրօնի, հին Վրաստանի ու Հայաստանի բնակիչներու առօրեայ կեանքին մասին։

«Շուշանիկի վարքը» առաջին անգամ հրատարակուած է 1882-ին: Անիկա թարգմանուած է ռուսերէն, լատիներէն, անգլերէն, գերմաներէն, ֆրանսերէն, սպաներէն եւ հունգարերէն: 1979-ին UNESCO-ի կողմէ նշուած է այդ գրական յուշարձանին 1500-ամեակը։

Թրքերէնի թարգմանած է Թուրքիա բնակող վրացի թարգմանիչ, գրող Ֆարնա-Պեգա Չիլաշվիլին: