“Կինես“-ի համաշխարհային ցուցանիշ սահմանած ջութակահար Նիկոլայ Մադոյեանը իր յաղթանակը նուիրած է ապրիլեան պետերազմի հերոսներուն:
33 ժամ, 2 վայրկեան եւ 41 երկվայրկեան անընդմէջ նուագով (ժամը մէկ` 5-րոպէական դադարներով) ջութակահարը համաշխաշխարհային ցուցանիշ սահմանած է, կը հաղորդէ “Փանորամա”-ն:
«Այս ցոիցանիշի անուանակարգը ինծի համար հրաշալի հնարաւորութիւն ստեղծեց իմ տարբեր նպատակները, գաղափարները կեանքի կոչելու: Ընտրած եմ 59 ստեղծագործութիւն, որոնց մէջ են Կոմիտասի «Ծիրանի ծառ»-ը, «Քելեր ցոլեր»-ը, Էդուարդ Բաղդասրեանի «Նոկտիւրն»-ը: Կանոններու համաձայն` չորս ժամուան ընթացքին ես իրաւունք չունէի կրկնել նոյն ստեղծագործութիւնը: 59 ստեղծագործութենէն բաղկացած շրջափուլը կը կրկնուէր մօտ 8 անգամ»,- այսօր լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ պատմած է ջութակահար Նիկոլայ Մադոյեանը:
“Կինես“-ի համաշխարհային գրասենեակը պաշտօնապէս ճանչցած է անոր ցուցանիշը Յուլիս 25-ին, իսկ անոր կատարումը տեղի ունեցած է Փետրուար 11-12-ին` Կամերային երաժշտութեան տան մէջ:
«Կինեսի գրասենեակէն ուղարկուած նամակին մէջ նշած էին, որ մեծ բաւականութիւն ստացած են կատարումներէն, ինչ որ ինծի համար շատ կարեւոր էր, քանի որ ֆիզիկական լարուածութեան հետ կրցած եմ գեղարուեստական տարրը պահապնել»,- ըսած է ան:
Ան պատմած է, թէ այդ ընթացքին ֆիզիքական հոգնութիւնը յաղթահարելու համար նոր ձեւ մը գտած է եւ այդ փորձը կը փոխանցէ իր ուսանուղներուն. «Սա մեծ փորձ էր ինծի համար` ստուգելու իմ տեխնիկական հնարաւորութիւնները: Կարելի է ըսել՝ ես այդ ընթացքին մշակեցի նոր մեթոտ, որ հնարաւորութիւն կու տայ տասնեակ ժամ նուագել, եւ ծանրաբեռնուած մկաններու աշխատանքը մանր շարժումներու շնորհիւ վերականգնել` նուագը չդադրեցնելով»:
Յառաջիկային ջութակահարը հիւրախաղերով պիտի մեկնի Իտալիա:
Ն. Մադոյեան ծնած է 1973-ին, Երեւան: Ան շարք մը միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր է: Եղած է աշակերտը ականաւոր երաժիշտներու, ինչպիսիք են` Ա. Բոգտանեանը, Զ.Պրոնը, Ի.Սթըրնը եւ Մ.Սօլովէովը: Ելոյթ ունեցած է աշխարհի բազմաթիւ սիմֆոնիկ նուագախումբերու հետ։ Ելոյթ ունեցած է Տիւոլի եւ Քոնցերթպաու, Լոնտոնի Թագաւորական փառատօնային, Մոսկուայի երաժշտանոցի Մեծ համերգասրահներուն մէջ, Միլանի Վերտիի թատրոնին մէջ եւ այլն: Ջութակահարի երգացանկը այնքան բարդ է, որ ոչ բոլոր երաժիշտները պատրաստ այն կատարելու մէկ համերգի ընթացքին: Ինրպէս` Պեթհովընի 10 սօնատները ջութակի եւ դաշնամուրի համար (կատարուած են 2000-ին` Պեթհովընի 230-ամեակի ժամանակ), Փագանինիի 24 Քափրիզները (2001թ.), Պախի 6 սօնատները մենանուագ ջութակի համար (2003թ.), 6 սօնատները ջութակի եւ դաշնամուրի համար (2004թ.) եւ այլն:
2004-ին արժանացած է ՀՀ վաստակաւոր արտիստի կոչման: