Հանրապետութեան հրապարակին տակը գտնուող պատմական շերտը պիտի բացուի եւ թանգարանային հատուած դառնայ

Այս տարի պիտի սկսին Հին Երեւանի՝ Հանրապետութեան Հրապարակին տակ գտնուող պատմական շերտի բացման եւ զայն թանգարանային հատուածի վերածելու աշխատանքները: Այս մասին, Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Հանրապետութեան Հրապարակը՝ իբրեւ արդիւնք՝ պիտի դառնայ շատ աւելի տեսարժան վայր»,- գրած է վարչապետը: