Երկուշաբթի՝ 25 Նոյեմբեր 2019-ին, Փարիզի մէջ ընթացող ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր համաժողովի 40-րդ նստաշրջանի ընթացքին ընդունուած է որոշում՝ ընդգրկելու երգահան Ալեքսանտր Սպենդիարեանի ծննդեան 150-ամեայ եւ ֆիլմի բեմադրիչ Հանրի Վերնոյի ծննդեան 100-ամեայ յոբելեանները ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու 2020-2021 թուականներու օրացոյցին մէջ։ Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ ԱԳ նախարարութիւնը:
Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ յայտերը ներկայացուած են գործընկեր երկիրներու աջակցութեամբ։ Իրանի, Ռուսաստանի եւ Վրաստանի աջակցութեամբ ներկայացուած՝ երգահան Ալեքսանտր Սպենդիարեանի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեան, եւ Ֆրանսայի ու Իտալիոյ աջակցութեամբ ներկայացուած՝ բեմադրիչ Հանրի Վերնոյի ծննդեան 100-ամեայ յոբելեան խորագիրները կրող յայտերն ստացած են կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու հաւանութիւնը։
1998-էն առ այսօր Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի օրացոյցին մէջ ներառուած է Հայաստանի կողմէ ներկայացուած 25 յոբելեանական իրադարձութիւն՝ (ներառեալ վերը նշուած 2 իրադարձութիւնները):