ՀՀ թղթադրամներու նոր շարքը յաղթած է High Security Printing EMEA-2020 միջազգային մրցոյթին

Հայաստանի Հանրապետութեան թղթադրամներու նոր շարքը յաղթած է High Security Printing EMEA-2020 միջազգային մրցոյթին` «Լաւագոյն նոր շարք» անուանակարգին մէջ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Կեդրոնական դրամատան հասարակայնութեան հետ կապերու ծառայութենէն:

Մրցանակաբաշխութիւնը կազմած է Reconnaissance International ընկերութեան կողմէ 2020-ի Մարտ 9-11 Լիզպոնի մէջ տեղի ունեցած High Security Printing EMEA ամենամեայ համաժողովին մէկ մասը: Մրցանակաբաշխութիւնը իրականացուած է երեք անուանակարգերու մէջ` «Լաւագոյն նոր շարք”, «Լաւագոյն նոր թղթադրամ” եւ «Լաւագոյն նոր հաւաքորդական յուշադրամ»:

Նշուած է նաեւ, որ 1000, 2000, 5000, 10000, 20000 եւ 50000 դրամ անուանական արժէքով թղթադրամներու շարքը արտադրուած է բաղադրեալ հումքի վրայ, որ կը համատեղէ բազմամաս ամրութիւնը թուղթի տպագրելիութեան հետ` դիմացկուն եւ յուսալի թղթադրամներ ստանալու համար: Հայաստանը աշխարհի մէջ առաջին երկիրն է, որ ունի թղթադրամներու ամբողջական շարք` տպագրուած Louisenthal-ի Hybrid ADDvance թուղթ/բազմամաս (polymer) հումքի վրայ: Դատական կազմի յատուկ գնահատանքին արժանացած է թղթադրամներու ձեւաւորումը, որ կ՛արտացոլէ պատմական, մշակութային եւ կրօնական թեմաներ:

«Լաւագոյն նոր թղթադրամ» անուանակարգին մէջ մրցանակը տրուած է Անգլիոյ դրամատան` իր նոր, աչքառու 20 ֆունտ սթեռլինի անուանական արժէքով թղթադրամին համար:

«Լաւագոյն նոր հաւաքորդական թղթադրամ” անուանակարգին մէջ մրցանակակիր դարձած է Լեհաստանի ազգային դրամատունը` Լեհաստանի պաշտպանուած տպագրական գործի հիմնադրման 100-ամեակին նուիրուած հաւաքորդական թղթադրամին համար: