Հայաստանի Հանրապետութեան կեդրոնական դրամատունը Մայիս 16-էն շրջանառութեան մէջ դրած է «ԵՊՀ հիմնադրման 100-ամեակ» արծաթէ յուշադրամը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Կեդրոնական դրամատան հասարակայնութեան հետ կապերու ծառայութենէն:
«ԵՊՀ հիմնադրման 100-ամեակ»
Դիմերես` հայ գիտնականներուն նուիրուած յուշասիւնի հատուած (կը գտնուի Երեւանի պետական համալսարանի սրահին մէջ, քանդակագործ` Վահան Ղազարեան, ճարտարապետ` Լեւոն Բալայեան, ճարտարագէտ` Սօս Մանուկեան) եւ «SCIENTIA POTENTIA EST» մակագրութիւնը:
Դարձերես` «Սահակ Պարթեւ եւ Մեսրոպ Մաշտոց» խմբաքանդակէն հատուած (կը գտնուի Երեւանի պետական համալսարանի մուտքին մօտ, քանդակագործ` Արա Սարգսեան, ճարտարապետ` Ռոմէօ Ջուլհակեան): Հիմքին` ԵՊՀ շէնքի ուրուագիծի եւ զինանշանի պատկերներն են:
Ճարտարագիտական չափանիշները
Անուանական արժէքը՝ 1000 դրամ
մետաղը եւ յարգը՝ արծաթ 925
կշիռքը՝ 33,6 կր
տրամագիծը՝ 40,0 մմ
որակը՝ փրուֆ
դրամաշուրթը՝ ատամնաւոր
տպաքանակը՝ 500 հատ
Էսքիզներու հեղինակներ` Յարութիւն Սամուէլեան (դիմերես) եւ Վարդան Վարդանեան (դարձերես):
Հատուած է Լիթվիայի դրամահատարանին մէջ: