Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան «Մատենադարան» Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագրերու գիտահետազօտական ուսումնարան հիմնադրամէն ներս մասնակցած է «Երեք հայերէն ձեռագիր Թոսքանայէն» խորագիրով ցուցահանդէսի բացման արարողութեան։
ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Իտալիոյ Ֆլորենսիա քաղաքի Մետիչինըրի Լաւրենթեան գրադարանին մէջ պահպանուող 14 հայերէն ձեռագրերէն երեքը՝ 13-րդ դարու Կիլիկեան Հայաստանի Քահանաօրհնէքի գիրքը, 14-րդ դարու Սաղմոսարանն ու Պատարագամատոյցը մինչեւ տարեվերջ պիտի ներկայացուին Մատենադարանի այցելուներուն։ Աշխոյժ բազմահաղորդ համակարգով հնարաւոր է դիտել նաեւ ձեռագրերու թուային էջերը։ Բացման արարողութեան ներկայ եղած են նաեւ Իտալիոյ Ազգային հետազօտական խորհուրդի նախագահ Մասիմօ Ինկուշիոն, Իտալիոյ մէջ IBM ընկերութեան նորարարութիւններու եւ արհեստագիտութիւններու հարցերով տնօրէն Ֆապրիցիօ Ռենզին, Հայաստանի մէջ Իտալիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վինչենցօ տէլ Մոնաքոն:
Բանալով ցուցահանդէսը՝ Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեան զայն համարած է բացառիկ, քանի որ առաջին անգամ Մատենադարանը կը հիւրընկալէ բարեկամ երկրի մէջ պահուող հայկական ձեռագրական գանձերը:
Իտալիոյ Ազգային հետազօտական խորհուրդի նախագահ Մասիմօ Ինկուշիոն ընդգծած է, այս ցուցադրութիւնը Հայաստանի եւ Իտալիոյ նախագահներ Արմէն Սարգսեանի եւ Սերճիօ Մադարելայի փոխայցելութիւններու եւ երկկողմ մշակութային կապերը զարգացնելու յանձնառութեան արդիւնքն է: «Մենք այստեղ եկած ենք Դիլիջանէն՝ «Մտքերու գագաթնաժողով»-էն, ուր կը խօսուէր արհեստական բանականութեան ուժին մասին,- ըսած է ան: -Բայց այս փոքրիկ ցուցադրութիւնը, կը կարծեմ, ցոյց կու տայ, թէ որքան խորունկ կարելի է ըլլալ բնական բանականութիւնը: Այս ցուցադրութիւնը կը վկայէ, որ դարերու ընթացքին ձեւաւորուած յարաբերութիւնները չեն խամրիր: Մենք այս ձեռագրերը ունինք այն հոգեւորականներուն շնորհիւ, որոնք Մետաքսի ճանապարհով հասած են Իտալիա: Իմ ուղերձը այն է, որ Իտալիան, իտալական մշակոյթը եւ իտալական արհեստագիտութիւնները պատրաստ են ծառայելու երկու երկիրներուն միջեւ կապերու զարգացման»։
Նախագահ Արմէն Սարգսեան, իր հերթին, նշած է, որ հայկական երեք ձեռագրերը, որոնք դարեր շարունակ պահպանուած են Հայաստանէն դուրս, հիմա վերադարձած են տուն։ «Բայց անոնց տունը ոչ միայն Հայաստանն է ու մեր Մատենադարանը, այլեւ Իտալիան է՝ Մետիչիներու հրաշալի գրադարանը: Այս հնագոյն ձեռագրերը կը վկայեն Հայաստանի ու Իտալիոյ միջեւ դարեր շարունակ ձեւաւորուած բարեկամական յարաբերութիւններուն մասին»,- ընդգծած է ան:
Նախագահ Սարգսեան բարձր գնահատած է Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մադարելայի մեծ հետաքրքրութիւնը հայկական մշակոյթին նկատմամբ՝ խնդրելով իր յարգանքի հաւաստիքը եւ յետագայ համագործակցութեան խորացման ու համատեղ աշխատանքի պատրաստակամութիւնը փոխանցել անոր։
Շնորհակալութիւն յայտնելով Հայաստանի մէջ Իտալիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վինչենցօ տէլ Մոնագոյին՝ ցուցահանդէսի կազմակերպման ջանքերուն համար՝ նախագահ Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ յաջորդ նմանատիպ ձեռնարկները պիտի չ՝ուշանան․ «Հպարտ եմ այսօր այստեղ գտնուելու եւ այս ցուցադրութիւնը բանալու համար։ Յոյսով եմ, որ յաջորդը պիտի ըլլայ շուտով՝ կապ չունի՝ այստեղ, թէ Հռոմի մէջ։ Քանի որ մենք կապուած ենք ոչ միայն պատմականօրէն, այլեւ արհեստագիտականօրէն»։
Արուեստն ու մշակոյթը հասարակութեան աւելի լայն շերտերուն հասանելի դարձնելու հարցով՝ նախագահը կարեւոր համարած է գիտութեան ու արհեստագիտութիւններու դերը՝ նշելով, որ հայ-իտալական համագործակցութեան եւս մէկ հեռանկարային ուղղութիւն կը դառնայ գիտութեան, արհեստագիտութիւններու, մշակոյթի եւ արուեստի բնագաւառը։