Հռոմի մէջ ներկայացուեցաւ «Կորսուած Հայաստան. Ճամբորդութիւն ժողովուրդի մը յիշողութեան մէջ» գիրքը

Հռոմի մէջ տեղի ունեցած «Più libri più liberi» գիրքերու ազգային տօնավաճառի ծիրէն ներս Դեկտեմբեր 7-ին կայացած է Վենետիկի Քա Ֆոսքարի համալսարանի հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասախօս Ալտօ Ֆերարիի «Կորսուած Հայաստան. ճամբորդութիւն ժողովուրդի մը յիշողութեան մէջ» գիրքի շնորհանդէսը: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ, Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպանատունը կը տեղեկացնէ, որ ելոյթ ունեցած են իտալահայ գրող, «Արտոյտներու ագարակը» վէպի հեղինակ Անթոնիա Արսլանը, «Il messaggero» օրաթերթի լրագրող Ֆրանքա Ջանսօլտաթին, Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Վիքթորիա Պաղտասարեանը:

Դեսպան Պաղտասարեան նշած է, որ այսպիսի աշխատութիւններու շնորհիւ է, որ պատմութեան առարկայական ներկայացումը կրնայ յանգեցնել պատմութեան ընթացքին մարդկութեան դէմ գործած յանցագործութիւններու դատապարտման եւ ապագային զանոնք կանխարգիլելուն ուղղուած միջոցառումներու նախաձեռնման, ինչպէս ատիկա եղաւ ընթացիկ տարուան գարնան, երբ Իտալիոյ Պատգամաւորներու պալատը ճանչցաւ եւ դատապարտեց Օսմանեան կայսրութեան տարածքին 1915-ին իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը: