Հռոմի «Քազանաթենցէ» գրադարանին մէջ Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Վիքթորիա Պաղտասարեան Մայիս 6-ին մասնակցած է բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի «Դանթէական առասպել» պոէմի իտալերէն թարգմանութեան շնորհանդէսին:
Գիրքը իտալերէնով թարգմանուած է Պիզայի համալսարանի փրոֆէսորներ Ալֆոնսօ Փոմփելայի եւ Սթեֆանօ Կարցոնիոյի, ինչպէս նաեւ Հռոմի եւ Լացիոյի հայ համայնքի միութեան նախագահ Անուշ Թորունեանի համատեղ ջանքերով:
Իր խօսքին մէջ դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնած է ստեղծագործութեան իտալերէն թարգմանութիւնը կեանքի կոչելու համար եւ նշած, որ «Դանթէական առասպել»-ը Եղիշէ Չարենցի վաղ շրջանի լաւագոյն գործերէն է, որով անոր անունը յայտնի դարձած է:
Ձեռնարկի ընթացքին տեղի ունեցած են ընթերցումներ պոէմի իտալերէն թարգմանութենէն: