Հրանդ Տինքի մասին «Վոսփոր» թատրերգութիւնը մրցանակ շահեցաւ

«Bosphore» («Վոսփոր») թատրերգութիւնը, որուն համահեղինակներն են Կորիւն Ափրիկեան եւ Էրիք տը Ռոքֆէօյ, որ առաջին անգամ ընթերցումի ձեւով ներկայացուած էր 2017-ին, Փարիզի 9-րդ թաղամասի «Ռոսինի» սրահին մէջ, Հրանդ Տինքի սպանութեան 10-րդ տարելիցին առթիւ կազմակերպուած յուշ-երեկոյին արժանացաւ ARTCENA (Կրկէսի ու փողոցի արուեստներու եւ թատրոնի ազգային կեդրոն) հեղինակաւոր մրցանակին:

Կորիւն Ափրիկեան այս պատուաբեր գնահատանքին պատճառած հպարտութենէն անդին յոյս ունի, որ սոյն մրցանակը իրենց թոյլ պիտի տայ գործը վերջապէս բեմականացնելու:

«Bosphore»ը եղերաբախտ խմբագիրին կեանքին մէկ, վստահաբար երեւակայական, դրուագը խոշորացոյցի տակ կ’առնէ, փոխաբերութիւններով եւ երբեմն ալ անպատասխան մնացող հարցականներով:

Տեսարանը կը սկսի Պոլսոյ քարափին, ուր Հրանդը կը սպասէ իր վաղեմի ընկերոջ՝ ձկնորս Նետիմին, զոր տարիներէ ի վեր չէր տեսած, մինչեւ վերջ ալ անյայտ մնացած պատճառներով:  Նետիմը չի գիտեր, թէ ի՛նչ է տարիներ ետք տեսակցութեան այս հրաւէրին պատճառը. ան պիտի տեղեկանայ քիչ ետք Հրանդի բերնէն: Հրանդը կ’ուզէ անոր հետ վերջին պտոյտ մը կատարել Վոսփորի ափերուն… Իղձ մը, զոր չի կրնար մերժել Նետիմ…