Ղաբուզեան. «Վերջին եօթը տարիներուն ստեղծուած է հայկական բնագրային 26 տառատեսակ»

Հայաստանի ազգային գրապալատի հայկական տառատեսակներու մշակման եւ պահպանման բաժինը վերջին եօթ տարուան ընթացքին ստեղծած է հայկական բնագրային 26 տառատեսակ: Panorama.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին Հայաստանի ազգային գրապալատի հայկական տառատեսակներու մշակման եւ պահպանման բաժնի վարիչ Էդիկ Ղաբուզեան ըսած է, որ 26 տառատեսակն ալ եունիքոտ (Unicode) համակարգի մէջ մշակուած է, կարելի է օգտագործել զանոնք որեւէ տպագրութեան, կայք-ձեւաւորման համար:

«Որակով, բնական տառատեսակներ են»,- նշած է ան:

Էդիկ Ղաբուզեանի խօսքով, իրենց առջեւ դրուած է յստակ առաջադրանք` տարեկան երեք տառատեսակ ստեղծել, սակայն իրենք աւելին կ՛ընեն. «Եօթ տարուան մէջ 26 տառատեսակ ստեղծած ենք: Այս տարուան մէջ ալ հինգ տառատեսակ ստեղծած ենք»:

Ան նշած է, որ ամենակիրառելին GHEA Mariam եւ GHEA Grapalat տառատեսկաներն են, որոնք ընդունուած են պետական համակարգի մէջ որպէս պարտադիր տառատեսակներ: Պետական համակարգի մէջ որեւէ նամակային շրջանառութիւն կը կատարուի այդ տառատեսակներով, կը գործածուին նաեւ գեղարուեստական գրականութիւն տպելու համար, գովազդային պաստառներու վրայ: