ՃԱՏՐԱԿԻ ԱՇԽԱՐՀԻ 9-ՐԴ ԱԽՈՅԵԱՆ՝ ՏԻԳՐԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 90-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

1963 թուականի գարնան, Հայաստանի Ներքին Գործերու Նախարարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը յայտնեց, ըստ որուն Մարտ-Ապրիլ ամիսներուն, ամբողջ հանրապետութեան տարածքին զգալիօրէն պակսած էր յանցագործութիւններու եւ անկարգութիւններու քանակը:

Պատճառը՞…

Պատճառը Տիգրան Պետրոսեանն էր:

1963-ին Մոսկուայի էսդրատային թատրոնին մէջ, ճատրակի աշխարհի ախոյեան՝ 52-ամեայ Միխայիլ Պօթվիննիքը, 34-ամեայ Պետրոսեանին դիմաց պայքարելով, կը փորձէր իր ախոյեանի տիտղոսը պաշտպանել:

Անկասկած որ շատերը կը հաւատային Պօթվիննիքի յաջողութեան, բայց ո՛չ ոք գիտեր որ իրականութեան մէջ Պօթվիննիքը ոչ թէ մէկ հայի դիմաց կը խաղար, այլ՝ բոլոր հայութեան։

Այո՛, համայն հայութիւնը կը հետեւէր Պետրոսեանին՝ մեծ, փոքր, կին, տղամարդ, նոյնիսկ անոնք, որոնք ոչինչ կը հասկնային ճատրակէն…

Սակայն ինչ խօսք, համահայկական այս մե՜ծ խանդավառութիւնը մարեցաւ, երբ Տիգրան Պետրոսեանը պարտուեցաւ խաղի առաջին բաժնին։

«Իմ առջեւս խնդիր դրած էի՝ ամէն գնով առաջին օրը չպարտուիլ, բայց յստակ էր որ ես դեռ չէի հասկցած, թէ ինչ կը նշանակէ պայքարիլ «Աշխարհի Ախոյեան» կոչումին համար: Անսովոր մթնոլորտն ու յուզմունքս անհետեւանք չմնացին. ես մթագնած գլխով կը խաղայի»,- աւելի ուշ խոստովանած է Պետրոսեանը:

Առաջին յաղթանակէն վերջ, Պօթվիննիքը շատ ոգեւորուած էր, սակայն Պետրոսեանն աստիճանաբար յարմարած էր խաղի լարուած մթնոլորտին ու արդէն պատրաստ…

Խաղի 2-էն 4-րդ բաժիններուն ոչ ոք յաղթեց. վճռական բաժինը հինգերորդը եղաւ, երբ Պետրոսեանը խաղին նախաձեռնութիւնը ամբողջովին ձեռք ձգելով, ոչ մէկ հնարաւորութիւն տուաւ իր մրցակիցին եւ հասաւ փայլո՜ւն յաղթանակին։

Հոն էր հայ ժողովուրդը…

Շատերը արձակուրդ առնելով, մեկնած էին Մոսկուա, որպէսզի մօտիկէն հետեւին Պետրոսեանի ելոյթին. աւելին, Երեւանէն Մոսկուա թռչող օդանաւները, հայկական կերակուրներ ու պտուղներ կը հասցնէին Պետրոսեանին…

Զարմանալի է՞…

Պետրոսեանը արդէն քաջ կը գիտակցէր, որ այդ խաղաքարերը, համեստ զինուորները, ձիերը՝ նենգ, հեռահար փիղերն ու ամենազօր թագուհիները միայն իրը չեն, այլ՝ ամբողջ Հայ ժողովուրդինը:

«Ես միշտ ալ կը զգամ որ ամբողջ Հայաստանը, իւրաքանչիւր խաղ հետս կը խաղայ: Իմ յաղթանակներս սպասողներ շատ կան եւ այս իրականութիւնը զիս կը պարտաւորեցնէ»,- ըսած է Պետրոսեան:

Ասկէ գեղեցիկ պարտաւորուածութի՞ւն…

Այսպէս, 1963 թուականի Մայիս 20-ին, «անպարտելի» Պօթվիննիքը յանձնուեցաւ եւ խաղը 12.5։9.5 հաշիւով յաղթած Տ. Պետրոսեանը, ճատրակի աշխարհի 9-րդ ախոյեան հռչակուեցաւ։

Դառն մանկութիւն մը ունեցած է 1929-ի Յունիս 17-ին, Թիֆլիս ծնած Պետրոսեանը եւ դժուա՜ր պայմաններու մէջ ապրած…

Ան մանկութենէն սիրած է ճատրակ խաղալ: 16 տարեկանին, Տիգրանը արդէն Վրաստանի մեծահասակներու ախոյեան եղած է, սակայն անոր ծնողները դժգոհած են. «Դասերդ սորվիր, ճատրակը քեզ հաց չի տար»,- ըսած է հայրը…

Իր ունակութիւնները զարգացնելու համար, Պետրոսեանը տեղափոխուած է Երեւան, ուր ընդունուած է մեծ ցնծութեամբ եւ շուտով, հոն ալ դարձած է ախոյեան։

Հմտանալու, իր խաղաոճը բարելաւելու, աւելի բարձրակարգ մրցակիցներ ունենալու, համաշխարհային աստղերու հետ պայքարելու եւ աւելի մեծ բարձունքներ նուաճելու նպատակով մեկնած է Մոսկուա եւ այդպէս սկսած է Տիգրան Պետրոսեանին փայլո՜ւն յաղթարշաւը:

1966 թուականին, որպէս աշխարհի ախոյեան, Տիգրան Պետրոսեանը պէտք է խաղար Պորիս Սբասքիին դէմ:

Ըստ ճատրակի յայտնի մասնագէտներու կանխատեսութիւններուն, յաղթանակը Սբասքիինն էր։

Հետզհետէ բարձրացող հոգեբանական ճնշումը իր բարձրակէտին հասած էր խաղէն առաջ լոյս տեսած, Սբասքիի մարզիչ՝ Իկոր Պօնտարեվսքիի «Պորիս Սբասքին կը գրոհէ Օլիմբոսը» գրքոյկով…

Բայց չգրոհեց Օլիմբոսը՝ Սբասքին եւ Պետրոսեանը յաղթեց 12.5։11.5 հաշիւով…

Յիշարժան է որ այս մենամարտի ընթացքին, ախոյեանը իր կշիռքէն աւելի քան 6 ք.կ. կորսնցուց, սակայն յաջողեցաւ ապացուցել որ դեռ ի՛նքն է միակը, որ «Ճատրակի Աշխարհի Ախոյեան» կրնայ կոչուիլ…

«Կը կարծեմ որ Սբասքիին անյաջողութեան պատճառներէն մէկն ալ, իր յաղթանակի մասին համընդհանուր կարծիքն էր եւ անոր մարզիչին գրած գրքոյկը. ողջունելի է այդպիսի բան գրել, բայց աւելի լաւ կ’ըլլար, եթէ խաղէն յետոյ գրուէր»,- ըսած է Պետրոսեանը։

1966-ի յաղթանակէն ետք, ախոյեանը յայտնած է որ ան երբեք չի զարմանար, եթէ երեք տարի վերջ, իր մրցակիցը կրկի՛ն Սբասքին ըլլայ…

Հաճոյախօսութիւն չէր ասիկա. Պետրոսեանը պարզապէս կանխատեսած էր որ գալիք տարիներուն, ո՛չ մէկ ճատրակ խաղցող կրնայ գերազանցել Սբասքիին:

Տեղին է նշել, որ Սբասքին ալ միշտ լաւ արտայայտուած է հայ ախոյեանին մասին. «Պետրոսեանը նման է ոզնիի. երբ կը թուի, թէ ան արդէն ձեռքիս մէջ է, ան յանկարծ իր փուշերը ափիս մէջ կը խրէ…»:

Եւ ահա 1969-ին, Պետրոսեանի կանխագուշակումը իրականացաւ եւ անոր դիմաց կրկի՛ն Սբասքին էր:

Մրցախաղի շեմին, ճատրակի աշխարհի նախկին ախոյեան՝ Դաւիթ Պրոնշթէյնը, այսպէս արտայայտուած էր. «Տպաւորուած եմ այնպէս, թէ Պետրոսեանը կ’ուզէ ազատիլ «Աշխարհի Ախոյեան» կոչումին բեռէն»:

«Ճատրակի բո՛ւն պայքարն է որ զիս կը ոգեւորէ. երբ նուաճուած է ցանկալին, մարդու եռանդը անխուսաբելիօրէն կը մարի». պատասխանած է ախոյեանը։

Պետրոսեանը արդէն նուաճած էր այն, ինչին ձգտած էր մի՛շտ…

Ան ո՛չ միայն աշխարհի ախոյեան էր, այլ՝ միջազգային Grandmaster. բարձրագոյն տիտղոսը, որ կրնայ շնորհուիլ ճատրակ խաղցողի մը։

Անխուսափելին պատահեցաւ եւ այս անգամ աշխարհի 9-րդ ախոյեանը պարտուեցաւ 10.5:12.5 հաշիւով:

«Շատերու կարծիքով, «Ախոյեան» կոչումին կորուստը բաւական ծանր հարուած է: Տարօրինակ է, բայց ես շա՜տ դիւրութեամբ ընդունեցի այն. ի՞նչ կայ որ… Երկա՜ր տարիներ ախոյեան եղայ, հիմա ալ նախկին ախոյեան կ’ըլլամ» ,- խոստովանած է Պետրոսեանը:

Բայց ո՞վ ըսաւ որ այդքա՜ն հեշտ են, հոգեւոր այս պարզութիւնն ու մտաւոր հաւասարակշռուածութիւնը, լայն տեսադաշտը եւ հայեացքը՝ խորաթափանց…

“Grandmaster”-ին պէս չեն շնորհուիր ասոնք, այլ կը նուաճուին սիրով, տենչով, լացով, ժպիտով, լիարժէք ապրելով եւ ոչ՝ պարզապէս գոյութիւն ունենալով… Այդպէս է որ տարօրինակ չի համարուիր «նախկին ախոյեան» ըլլալը…

Ըստ ճատրակի վերլուծաբաններուն, երբ Պետրոսեանին դիրքը լաւ ըլլար, անոր աչքերը կ’աշխուժանային, ձեռքերը կը խաչէր ու պարբերաբար կը նայէր խաղատախտակին, իր մրցակիցին եւ իրենց հետեւողներուն, իսկ երբ կասկածելի դիրքի վրայ ըլլար ու ինքզինք անապահով զգար, գլուխը ձեռքերուն միջեւ առնելով, աւելի ու աւելի կը մօտենար խաղատախտակին…

Տիգրան Պետրոսեանը պահպանողական, զգոյշ եւ բարձր աստիճանի պաշտպանողական խաղաոճ ունեցող վարպետ էր։ Ան աւելի մեծ ջանք կը թափէր հակառակորդին հարձակումները կանխելու, քան իր հարձակումները կազմակերպելու համար… Հազուադէպ կը յարձակէր. միայն այն ատեն, երբ զգար որ լիովին անվտանգ դիրքի վրայ է։

Սովորաբար ան հաստատուն ու հետեւողականօրէն կը խաղար, մինչե՜ւ մրցակիցը սխալի…

Իր ծո՜վ համբերութեամբ ու պաշտպանուելու մեծ վարպետութեամբ, Տիգրան Պետրոսեանը դժուա՛ր պարտուող ճատրակի վարպետ էր։

Անգնահատելի է Պետրոսեանին ներդրումը, Հայաստանի մէջ որպէս մարզաձեւ՝ ճատրակի զարգացման գործին մէջ.

13 Օգոստոս 1984, Տիգրան Պետրոսեանի մահէն վերջ, իր անունով կոչուեցաւ 1970-ին, Երեւանի մէջ բացուած Ճատրակի Տունը, որուն հիմնաքարը, ինքը՝ Պետրոսեանը տեղադրած էր եւ որուն մօտիկ կանգնած է ախոյեանին արձանը։

«Անկասկած որ ո՛չ բոլորդ ճատրակի վարպետներ կը դառնաք, բայց ձեզմէ ոչ ոք պիտի ափսոսայ այն ժամանակին համար, որ տուաւ ճատրակին, քանի որ անիկա ձեզ կ’օգնէ որեւէ մասնագիտութեան մէջ». փորձառու վարպետին նշանաւոր խորհուրդն էր, իր աշակերտներուն։

Վերջապէս…

Ճատրակի աշխարհի ախոյեան, միջազգային Grandmaster, «Երկաթէ Տիգրան», «Վագր», ԽՍՀՄ Մարզանքի Վաստակաւոր Վարպետ, ճատրակի տեսաբան եւ վերլուծաբան, «Ճատրակային Մոսկուա» ամսագրի խմբագիր, «64» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր եւ փիլիսոփայական գիտութիւններու թեկնածու՝ Տիգրան Պետրոսեան, հայկական մարզանքի ամենավառ եւ ամենափայլուն անուններէն մէկը, որմով Հայաստանը աւելի ճանաչելի դարձաւ ո՛չ միայն ճատրակի, այլ՝ ամբողջ աշխարհին…

Ախոյեանները կը փոխուին, նորերը կուգան, բայց չեն երթար «հիները»… Չեն երթար անոնք, քանի որ այսօր, վաղը, որեւէ ատեն, ուր որ ըլլայ, Տիգրան Պետրոսեանին հնչող անունը պիտի յիշեցնէ Հայաստանը…

 

«Արեւ» 13 Յունիս, 2019