Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը կը տեղեկացնէ, թէ իր դասախօսներէն Զարեհ Ճգնաւորեանի՝ «Եղերգ Լոյսի Մէջ» ֆիլմը գլխաւոր մրցանակը շահած է Վենետիկի մէջ առաջին անգամ ըլլալով կայացած «Ճգնաւորական ֆիլմերու միջազգային փառատօն»-ի վաւերագրական ֆիլմերու բաժանմունքին մէջ։
Փառատօնի տնօրէն Սարա Ֆերրօ դրուատած է յատկապէս այս ֆիլմին «կախարդական նկարահանումը», միաժամանակ շեշտելով, որ անիկա «բրածոյի մը տոկունութիւնը ունի, հակառակ արտաքնապէս տկար թուելուն»։
Ֆիլմը նկարահանուած է Վազգէն Ա. կաթողիկոսի թաղման արարողութեան ընթացքին, եւ անոր միջոցաւ հեղինակը կը փորձէ պատկերել հոգեփոխութիւնն ու մահուան տեսիլքը՝ օգտագործելով Լորիս Ճգնաւորեանի «Քրիստոսի Կեանքը» ստեղծագործութեան երաժշտութիւնը։
Նշեալ փառատօնը նուիրուած է հոգեւորական հարցերու, գաղտնի վարդապետութեանց, գերբնական կամ կախարդական հաւատքներու առնչուող ֆիլմերու։
Զարեհ Ճգնաւորեան ծնած է Ֆարկօ (Նորթ Տաքոթա), հասակ նետած է երաժիշտներու ընտանիքի մը մէջ եւ կեանքի տարբեր հանգրուանները ապրած է Թեհրանի, Լոնտոնի, Ֆրանքֆուրթի, Փարիզի եւ Նիւ Եորքի մէջ։ Ան մասնագիտացած է շարժապատկերի եւ պատկերասփիւռի յայտագիրներու արտադրութեան մէջ, իսկ անոր նորագոյն ֆիմը կ՛առնչուի Խորհրդային Հայաստան ապաստանած Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներու փորձառութեանց։